image

Սուրիոյ բանակը կը շարունակէ յառաջանալ Քընայթրայի արուարձաններուն մէջ

Սուրիոյ բանակը կը շարունակէ յառաջանալ Քընայթրայի արուարձաններուն մէջ

Եարմուք գետի աւազանն ամբողջութեամբ իր տիրապետութեան տակ առնելէ ետք, Սուրիոյ բանակը կը շարունակէ իր յառաջխաղացումը, սուրիական դրօշը պարզելով Քընայթրայի ազատագրուած արուարձաններու պետական կառոյցներուն վրայ:

«Ալ Մայատին» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, բանակի միաւորները հասած են մինչեւ Յորդանանի սահմանակից Ալ Քասիր աւանը, որ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման զինեալներու վերջին կայանն է:

Աղբիւրը նշած է նաեւ, որ Սուրիոյ բանակի զինուորները Տարհայի արուարձաններէն Ապիտին գիւղին մէջ յայտնաբերած են Իսրայէլի մէջ արտադրուած ռումբեր, հրթիռներ ու օդանաւեր, որոնք այնտեղ մնացած են ահաբեկչական խմբաւորումներու հեռանալէն ետք: