Սուրիոյ բանակը ուղղաթիռներով թռուցիկներ տարածած է Հալէպի արեւմտեան արուարձաններու շրջաններուն մէջ՝ ուր կը գտնուին զինեալ խմբաւորումներ:
Ճըսր Ալ-Շուղուրի եւ Իտլիպի հարաւ-արեւմտեան արուարձաններուն մէջ տարածուած թռուցիկներուն մէջ Սուրիոյ բանակը կոչ կ'ընէ զինեալներուն յանձնուիլ, խոստանալով, որ զէնքերը վար դնելու պարագային, անոնց ներում պիտի շնորհուի: «Երկրիդ թշնամիներուն ծառայող գործիք մի դառնար: Ձգէ զէնքը եւ յանձնուիր. օգտագործէ առիթը, ինչպէս ըրին քու ընկերներէդ տասնեակներ»,- գրուած է թռուցիկին մէջ: