Քրտական ինքնապաշտպանութեան ուժերու Աֆրինի հրամանատար Ռոճահաթ Ռոճ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին հերքած է Սուրիոյ բանակի Աֆրին մտնելու պատրաստուելու լուրը:
Հրամանատարը նշած է, որ կառավարական բանակին հետ ոչ մէկ բանակցութիւններ իրականացուած են նշուած հարցին շուրջ:
Ռոճ շեշտած է, որ մինչեւ օրս քրտական ուժերը Սուրիոյ կառավարութենէն ոչ մէկ օժանդակութիւն ստացած են, եւ 28 օրէ ի վեր ինքնուրոյն կը պայքարին թրքական ուժերուն դէմ: