Սուրիոյ բանակին պատկանող «Միկ 21» տիպի կործանիչ մը վար առնուած է: Դէպքին մասին տեղեկութիւնը տուած է Սուրիոյ բանակի բանբեր մը յայտնելով, որ օդանաւը վար առնուած է Սուրիոյ Սուայտա շրջանին մէջ:
Ըստ Սուրիոյ ընդդիմադիր «Ազատ բանակ»ին օդանաւը վար առնուած է Սուայտայի Ուատի Մահմուտ շրջանին մէջ եւ օդաչուն գերեվարուած է:
Ընդդիմադիրները նաեւ յայտնեցին, որ դէպքին եղած վայրը չի գտնուիր ԱՄՆ-Ռուսաստան համաձայնութեան հիմքով հաստատուած հրադադարի ենթակայ շրջաններուն մէջ:
Ըստ վերջին տուեալներուն մահէ փրկուած եւ գերվարուած սպան գնդապետի աստիճան ունի: