Սուրիոյ բանակը յաջողած է իր տիրապետութեան տակ առնել Իտլիպի հարաւային հատուածին մէջ գտնուող շարք մը գիւղերու։
Այս մասին լուրը կը հաղորդէ «Ալ Մայատին» կայանը նշելով նաեւ, որ սուրիոյ բանակի տիրապետութեան տակ անցած են Իտլիպի հարաւային հատուած «Ըմ ալ խալախէլ» եւ «Մշէրֆա» գիւղաւանները։
Ըստ աղբիւրին այս գիւղերը կը համարուէին «Ալ Նուսրա» ճակատի կարեւորագոյն շրջաններէն եւ վերջին օրերուն գրանցուած թէժ մարտերուն հետեւանքով այնտեղ վնասազերծուած են «Ալ նուսրա» ճակատի աւելի քան յիսուն ահաբեկիչներ։
Կը նշուի նաեւ, որ սպաննեալներուն մէջ գտնուած են Միջին Ասիայէն Սուրիա հասած ճիհատիստներ։