image

Սուրիահայերը միայն Հայաստանի մէջ է, որ ապահով պիտի զգան. Վերլուծաբան Կայծ Մինասեան

Սուրիահայերը միայն Հայաստանի մէջ է, որ ապահով   պիտի զգան. Վերլուծաբան Կայծ  Մինասեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ ֆրանսահայ   վերլուծաբան Կայծ Մինասեանը

 

-Ինպէ՞ս կը բնութագրէք Հելսինքիի գագաթնաժողովը, ուր հանդիպեցան  ԱՄՆ-ի  եւ Ռուսաստանի նախագահները։ Հարցումը  կ՚ուղղենք   մանաւանդ  հաշուի առնելով, որ ամերիկեան կողմի  մէկէ  աւելի պատասխանատուներ յայտարարեցին,  թէ նախագահ Թրամբը պարտուած ելաւ այս ժողովէն։

 

Անկասկած, Հելսինքիի մէջ Փութինը յաղթանակ տարած է Թրամբի հետ հանդիպումէն: Պէտք է կոյր ըլլալ՝ հակառակը մտածելու համար: Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարէն յետոյ հիմա ՌԴ նախագահի հերթն է` «դիմակայելու» ԱՄՆ նախագահին: Եւ երկու պարագային ալ Տանըլտ Թրամբը թուլացած դուրս եկաւ: Սակայն ԱՄՆ-ի պետական  վարչամեքենան կարծես թէ նոյն տեղը չէ, ինչպէս Սպիտակ տան «վարձակալ»ը:

 

 

-Այս ժողովէն ետք ի՞նչ կը կարծէք՝ Սուրիոյ տագնապին առընթեր Ռուսաստան եւ ԱՄՆ պիտի համագործակցին:

 

Ռուսները եւ ամերիկացիները Սուրիոյ մէջ երկար ժամանակ համագործակցելու ճանապարհ կը փնտռեն: Տանըլտ Թրամբի հետ, կարծես թէ, յստակ ուղղութեամբ կ'երթան: «Տահէշ»ի սպառնալիքը որոշակիօրէն մարած է, ԱՄՆ-ն կը փորձէ վերադառնալ դիւանագիտական գործընթաց, որպէսզի   ամէն ինչ   չմնայ «Ռուսաստան-Իրան-Պաշշար» եռեակի ձեռքը:

 

-Վերջին շաբաթներուն վերլուծաբաններուն համար գլխաւոր թեմա էր ամերիկեան դրդումով իրանեան ուժերու եւ «Հըզպալլա»ի հեռացումը Սուրիայէն:

Ինչքանո՞վ այդ մէկը իրականութիւն կրնայ դառնալ ձեր կարծիքով, եւ այդ պահանջքը ինչքանո՞վ կը բաւարարէ ռուսական կողմը:

 

Դժուար կ'ըլլայ Ռուսիոյ համար իրանցիները   հեռացնելը  Սուրիայէն:   Այդ մէկը նոյնիսկ անհնար է: Հին ժամանակներէն ի վեր առաջին անգամ իրանցիները Միջերկրական ծովու միջանցքին մէջ են: Անոնք պէտք է տնտեսական եւ ռազմավարական ելք ունենան եւ անմիջական կապ ունենան Լիբանանի հետ, ուր  պիտի   կարողանան  ապաւինիլ իրենց դաշնակից «Հըզպալլա»ին ապահովելու համար  իրենց շահերը: Ինչո՞վ կրնայ Ռուսաստանը Իրանին համոզել, որ հրաժարի Սուրիայէն: Անկեղծօրէն՝  ոչինչով: Ռուսաստանը Իրանի համար յուսալի գործընկեր չէ: Իրանը պատմութեան մէջ կ'ապրէր Ռուսաստանի տիրապետութեան ներքոյ: Եթէ կայ ժողովուրդ մը, որուն հանդէպ   իրանցիները կասկած ունին, ապա այն Ռուսաստանն է:

 

 

-Արեւմտեան մամուլը նաեւ ամերիկեան բարձրաստիճան պատասխանատուներ սկսած են ըսել, որ իրենց համար Պաշշար Ասատի իշխանութենէն հեռանալը շատ կարեւոր, առաջնային խնդիր մը չէ այլեւս, ինչքանո՞վ ճիշդ է այդ մէկը:

 

Իմ տեսակէտով  Պաշշար Ասատի    իշխանութենէն  հեռանալու   պայմանը  մէկ  կողմ դնելու պահանջը Ռուսաստանի    առաջ  քաշած  թէզն է:  Միացեալ Նահանգներու  կողմէ  Պաշշար  Ասատին   դէմ        եղած    կեցուածքներուն   պատճառով   ռուսները  Սուրիոյ    մէջ     Ուաշինկթընի հետ համագործակցելու ցանկութիւն  չունէին,   սակայն այժմ  պատկերը  փոխուած է։ Ամերիկացիք  կուզեն ամէն գնով բանակցութիւններու սեղան  վերադառնալ: Ռուսաստանը մեծ պատասխանատուութիւն կը կրէ Սուրիոյ ապագային   առնչութեամբ, բայց Ռուսաստանի համար շատ դժուար պիտի ըլլայ յաղթել:

 

 

-Այս բոլորէն ետք ի՞նչ ապագայ կը սպասէ սուրիահայ գաղութին:

 

Անկեղծօրէն ես Սուրիոյ մէջ ապագայ չեմ տեսներ հայերուն համար: Երկիրն ամբողջովին քանդուած է, պատերազմը չէ աւարտած, ռեժիմը թոյլ է, երկիրը լիովին բեկուած է:

Իրական հարցը Մերձաւոր Արեւելքի հայերու ապագան է: Արդէն աւելի քան 60 տարի է, ինչ հայերը թողած են արաբական եւ իրանական աշխարհը (Եգիպտոս, Իրաք, Իրան, Յորդանան, Սուրիա, Լիբանան): Մերձաւոր Արեւելքի մէջ մօտաւորապէս 800.000 հայեր եղած են մինչեւ 1950-ական թուականները, մնացած են  ընդամէնը 300.000  հայեր։

Իմ կարծիքով միակ լուծումը, կարծես հետեւեալն է՝ ինչպէ՛ս վերադառնալ Հայաստան: Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հայերը աշխատասէր են, բարոյապէս ուժեղ եւ յայտնի են իրենց  հմտութիւններով: Անոնք կրնան միայն բարիք ընել Հայաստանի համար: Եւ ամենակարեւորը, Հայաստանի մէջ ապահով զգալ: