«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ ֆրանսահայ վերլուծաբան Կայծ Մինասեանը
-Ինպէ՞ս կը բնութագրէք Հելսինքիի գագաթնաժողովը, ուր հանդիպեցան ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի նախագահները։ Հարցումը կ՚ուղղենք մանաւանդ հաշուի առնելով, որ ամերիկեան կողմի մէկէ աւելի պատասխանատուներ յայտարարեցին, թէ նախագահ Թրամբը պարտուած ելաւ այս ժողովէն։
Անկասկած, Հելսինքիի մէջ Փութինը յաղթանակ տարած է Թրամբի հետ հանդիպումէն: Պէտք է կոյր ըլլալ՝ հակառակը մտածելու համար: Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարէն յետոյ հիմա ՌԴ նախագահի հերթն է` «դիմակայելու» ԱՄՆ նախագահին: Եւ երկու պարագային ալ Տանըլտ Թրամբը թուլացած դուրս եկաւ: Սակայն ԱՄՆ-ի պետական վարչամեքենան կարծես թէ նոյն տեղը չէ, ինչպէս Սպիտակ տան «վարձակալ»ը:
-Այս ժողովէն ետք ի՞նչ կը կարծէք՝ Սուրիոյ տագնապին առընթեր Ռուսաստան եւ ԱՄՆ պիտի համագործակցին:
Ռուսները եւ ամերիկացիները Սուրիոյ մէջ երկար ժամանակ համագործակցելու ճանապարհ կը փնտռեն: Տանըլտ Թրամբի հետ, կարծես թէ, յստակ ուղղութեամբ կ'երթան: «Տահէշ»ի սպառնալիքը որոշակիօրէն մարած է, ԱՄՆ-ն կը փորձէ վերադառնալ դիւանագիտական գործընթաց, որպէսզի ամէն ինչ չմնայ «Ռուսաստան-Իրան-Պաշշար» եռեակի ձեռքը:
-Վերջին շաբաթներուն վերլուծաբաններուն համար գլխաւոր թեմա էր ամերիկեան դրդումով իրանեան ուժերու եւ «Հըզպալլա»ի հեռացումը Սուրիայէն:
Ինչքանո՞վ այդ մէկը իրականութիւն կրնայ դառնալ ձեր կարծիքով, եւ այդ պահանջքը ինչքանո՞վ կը բաւարարէ ռուսական կողմը:
Դժուար կ'ըլլայ Ռուսիոյ համար իրանցիները հեռացնելը Սուրիայէն: Այդ մէկը նոյնիսկ անհնար է: Հին ժամանակներէն ի վեր առաջին անգամ իրանցիները Միջերկրական ծովու միջանցքին մէջ են: Անոնք պէտք է տնտեսական եւ ռազմավարական ելք ունենան եւ անմիջական կապ ունենան Լիբանանի հետ, ուր պիտի կարողանան ապաւինիլ իրենց դաշնակից «Հըզպալլա»ին ապահովելու համար իրենց շահերը: Ինչո՞վ կրնայ Ռուսաստանը Իրանին համոզել, որ հրաժարի Սուրիայէն: Անկեղծօրէն՝ ոչինչով: Ռուսաստանը Իրանի համար յուսալի գործընկեր չէ: Իրանը պատմութեան մէջ կ'ապրէր Ռուսաստանի տիրապետութեան ներքոյ: Եթէ կայ ժողովուրդ մը, որուն հանդէպ իրանցիները կասկած ունին, ապա այն Ռուսաստանն է:
-Արեւմտեան մամուլը նաեւ ամերիկեան բարձրաստիճան պատասխանատուներ սկսած են ըսել, որ իրենց համար Պաշշար Ասատի իշխանութենէն հեռանալը շատ կարեւոր, առաջնային խնդիր մը չէ այլեւս, ինչքանո՞վ ճիշդ է այդ մէկը:
Իմ տեսակէտով Պաշշար Ասատի իշխանութենէն հեռանալու պայմանը մէկ կողմ դնելու պահանջը Ռուսաստանի առաջ քաշած թէզն է: Միացեալ Նահանգներու կողմէ Պաշշար Ասատին դէմ եղած կեցուածքներուն պատճառով ռուսները Սուրիոյ մէջ Ուաշինկթընի հետ համագործակցելու ցանկութիւն չունէին, սակայն այժմ պատկերը փոխուած է։ Ամերիկացիք կուզեն ամէն գնով բանակցութիւններու սեղան վերադառնալ: Ռուսաստանը մեծ պատասխանատուութիւն կը կրէ Սուրիոյ ապագային առնչութեամբ, բայց Ռուսաստանի համար շատ դժուար պիտի ըլլայ յաղթել:
-Այս բոլորէն ետք ի՞նչ ապագայ կը սպասէ սուրիահայ գաղութին:
Անկեղծօրէն ես Սուրիոյ մէջ ապագայ չեմ տեսներ հայերուն համար: Երկիրն ամբողջովին քանդուած է, պատերազմը չէ աւարտած, ռեժիմը թոյլ է, երկիրը լիովին բեկուած է:
Իրական հարցը Մերձաւոր Արեւելքի հայերու ապագան է: Արդէն աւելի քան 60 տարի է, ինչ հայերը թողած են արաբական եւ իրանական աշխարհը (Եգիպտոս, Իրաք, Իրան, Յորդանան, Սուրիա, Լիբանան): Մերձաւոր Արեւելքի մէջ մօտաւորապէս 800.000 հայեր եղած են մինչեւ 1950-ական թուականները, մնացած են ընդամէնը 300.000 հայեր։
Իմ կարծիքով միակ լուծումը, կարծես հետեւեալն է՝ ինչպէ՛ս վերադառնալ Հայաստան: Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հայերը աշխատասէր են, բարոյապէս ուժեղ եւ յայտնի են իրենց հմտութիւններով: Անոնք կրնան միայն բարիք ընել Հայաստանի համար: Եւ ամենակարեւորը, Հայաստանի մէջ ապահով զգալ: