image

Սուրիացիներու մօտ վերջերս տարածուած ամուսնութեան ձեւը

Սուրիացիներու մօտ վերջերս տարածուած ամուսնութեան ձեւը

Վերջերս Սուրիոյ մէջ ամուսնութիւններու գրանցման կեդրոններ սկսած են փութալ ոչ միայն երիտասարդ զոյգեր, այլեւ մեծ թիւով մեծահասակներ ու տարեցներ: Այս մասին կը յայտնէ «Ալ Ալամ» լրատուական կայքը:

Ըստ աղբիւրին, տարեցներու շարքին ամուսնութիւններու քանակը մեծապէս աճած է, որովհետեւ երկրի պատերազմական վիճակին հետեւանքով աճած է նաեւ այրիներու եւ ամուսնալուծուած կիներու թիւը: Կայ այլ պատճառ մը եւս, որ կապուած է երիտասարդ աղջիկը տարեց մարդու որպէս կին տուող ծնողներուն կողմէ փեսային հարստութենէն օգտուելու հեռանկարին:

Աղբիւրին փոխանցմամբ, վերջերս Ալ Նապք քաղաքին մէջ աննախադէպ ամուսնութիւն մը գրանցուած է, որ կրնայ եւ վերջինը չըլլալ, երբ 97 տարեկան տղամարդը դիմած է ամուսնութեան գրանցման կեդրոն, 42 տարեկան կնոջ հետ իր ամուսնութիւնը գրանցելու համար:

Այլ դէպքի մը յիշատակութեամբ մէջբերուած է 21-ամեայ համալսարանական ուսանողի մը պարտադիր ամուսնութիւնը 27-ամեայ իր ազգականին հետ, նպատակ ունենալով օգտուիլ աղջկան բաժին հասնելիք մեծ ժառանգութենէն:

Հոգեբաններու եւ ընկերաբաններու կարծիքով, մեծահասակներու ամուսնութիւնը հասարակութեան մէջ լայն տարածում գտած երեւոյթներէն է, որ ունի հոգեբանական, հասարակական եւ անձնական շարք մը պատճառներ, կապուած տարեցներուն եւ անոնց շրջապատի համոզմունքներուն հետ: