Սուրիոյ մէջ պարտութիւն կրելէ ետք ահաբեկչական խմբաւորումներու անդամներէն շատերը լքած են իրենց հսկած տարածքներն ու զէնքերը եւ նոյնիսկ կանանց հագուստներ հագուելով փորձած են հատել թրքական սահմանը:
Ըստ լիբանանեան «Ալ Ժատիտ» կայանին ահաբեկչական խմբաւորումներու, անդամ զինեալները անարգանքի արժանացած են:
Աղբիւրը նոյնպէս կը յայտնէ, որ նոյն խնդրին վերաբերեալ տարածուած են լուսանկարներ, ուր երեւելի կը դառնան Սուրիայէն Թուրքիա հասած ահաբեկիչներուն «չարչարանք»ներու եւ ծաղրի ենթարկուած ըլլալու տեսարանները :
Ըստ սուրիահայ լրագրող՝ Սարգիս Գասարճեանին, այս տեսակի չարչարանքներն ու նկարներուն տարածումը թրքական ընդդիմադիր կողմին պատկանող անդամներուն գործն է:
Լրագրողը նաեւ յայտնած է, թէ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ սահմանի վրայ գտնուող թուրք զինուորները անդամ են ընդդիմադիր ՝ Ֆաթհ Ալլահ Կիւլէնի «Ֆէթո» շարժման, որուն նպատակն է՝ ցոյց տալ Էրտողանի իշխանութեան թուլութիւնը:
Յիշեցնենք, որ այս դէպքը առաջինը չէ: Սուրիոյ պատերազմէն ի վեր այսպիսի դէպքեր սկսած են պատահիլ եւ հարիւրաւոր սուրիացիներ վիրաւորուած են թրքական սահմանի հսկիչներու չարչարանքներուն հետեւանքով: