image

Սուրիացի զինեալներէն շատեր Թուրքիա մտնելու համար փորձած են կին ձեւանալ

Սուրիացի զինեալներէն շատեր  Թուրքիա  մտնելու համար   փորձած են կին ձեւանալ

Սուրիոյ մէջ  պարտութիւն կրելէ  ետք ահաբեկչական խմբաւորումներու անդամներէն շատերը  լքած   են  իրենց հսկած տարածքներն ու զէնքերը եւ նոյնիսկ կանանց   հագուստներ  հագուելով   փորձած են    հատել թրքական սահմանը:  

Ըստ լիբանանեան «Ալ Ժատիտ»   կայանին ահաբեկչական խմբաւորումներու,   անդամ զինեալները     անարգանքի  արժանացած են:

Աղբիւրը  նոյնպէս կը յայտնէ,   որ   նոյն   խնդրին վերաբերեալ տարածուած են    լուսանկարներ, ուր     երեւելի կը դառնան  Սուրիայէն Թուրքիա հասած ահաբեկիչներուն   «չարչարանք»ներու  եւ ծաղրի ենթարկուած  ըլլալու   տեսարանները :  

Ըստ սուրիահայ լրագրող՝ Սարգիս Գասարճեանին, այս տեսակի չարչարանքներն  ու նկարներուն տարածումը թրքական ընդդիմադիր կողմին պատկանող անդամներուն գործն է:

Լրագրողը  նաեւ  յայտնած է,  թէ Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ սահմանի վրայ գտնուող թուրք զինուորները   անդամ  են ընդդիմադիր ՝ Ֆաթհ Ալլահ Կիւլէնի «Ֆէթո»  շարժման, որուն նպատակն է՝ ցոյց տալ Էրտողանի իշխանութեան   թուլութիւնը:  

Յիշեցնենք, որ այս դէպքը առաջինը չէ: Սուրիոյ պատերազմէն ի վեր այսպիսի դէպքեր սկսած են պատահիլ եւ հարիւրաւոր սուրիացիներ վիրաւորուած են թրքական սահմանի հսկիչներու չարչարանքներուն հետեւանքով: