image

«Սուրիացի Էրտողան»ը Թուրքիոյ ընտրութիւններու թեկնածու

«Սուրիացի Էրտողան»ը Թուրքիոյ ընտրութիւններու թեկնածու

Թուրքիոյ քաղաքացութիւն ստացած սուրիացի գործարար Մուհամմէտ Ալ Շէյխունի Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրած է, որպէս «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան ներկայացուցիչ:

«Ենի Չաղ» թերթին փոխանցմամբ, Սուրիոյ Համա նահանգէն Թուրքիա տեղափոխուած Շէյխունի իր ազգանունը փոխելով դարձած է «Մուհամմէտ Էրտողան»: Ան Թուրքիա տեղափոխուած է 10 տարի առաջ եւ Պուրսա քաղաքը հաստատուած:

Վերջինս իր ազգանունը փոխելով չէ բաւարարուած, այլ նաեւ փոխած է իր կնոջ անունը, զինք «Սումայյա» կոչելով, որ Էրտողանի դստեր անունն է:

Սուրիացի Էրտողան Թուրքիոյ մէջ զբօսաշրջական ընկերութիւն հիմնած է եւ մեծ թիւով արաբ ներդրողներու Թուրքիա տեղափոխման սատարած: