image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիա. Զոհուած է ռուսական կործանիչի օդաչու՝ Ալպերթ Դաւիթեանը (Տեսանիւթ)

Սուրիա. Զոհուած է ռուսական կործանիչի օդաչու՝ Ալպերթ Դաւիթեանը (Տեսանիւթ)

Սուրիոյ մէջ ռուսական Սու-30ՍՄ կործանիչ կործանուած է: Այս մասին կը յայտնէ «ՌԻԱ Նովոստի»-ն՝ ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութեան յղումով:

«Օդաչունները, որոնք մինչեւ վերջին պահը պայքարած են օդանաւի համար, դէպքի վայրէն ստացուած տեղեկութիւններու համաձայն՝ զոհվուած են»,-յայտնած է աղբիւրը: Օդաչուներէն մէկը հայ եղաած է: Ըստ Vesti.ru–ի՝  մայոր Ալպերթ Դաւիթեան:

Աղէտը տեղի ունեցած է Միջերկրական ծովու օդային տարածքին՝ այն ժամանակ, երբ կործանիչը բարձրութիւն կը հաւաքէր «Հմեյմիմ» ռազմակայանէն դուրս գալէ ետք:

Ըստ նախնական տուեալներու՝ կործանիչի ուղղութեամբ կրակ չէ բացուած: Չի բացառուիր, որ շարժիչին մէջ կրնայ թռչուն յայտնուած ըլլայ: