2 հզօր պայթումներ ցնցած են Սուրիան: Պայթումները տեղի ունեցած են Սուրիոյ ծովեզերեայ երկու՝ Ժապլէ եւ Թարթուս քաղաքներուն մէջ: Լրատուական աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ ներկայ պահու դրութեամբ զոհերուն թիւը կը հասնի 80-ի: «Ալ Մայատին» կայանի հաղորդմամբ, զոհերուն թիւը ենթակայ է բարձրացման, տրուած ըլլալով, որ վիրաւորներէն շատերուն վիճակը ծանր է:
«Արեւելք» կապ հաստատեց Լաթաքիոյ իր աղբիւրին հետ՝ մօտէն տեղեկանալու ընդհանուր իրավիճակին մասին: Մեր աղբիւրը նշեց, որ Լաթաքիոյ մէջ եւս լարուած մթնոլորտ կը տիրէ, եւ պայթումի ժամէն ետք քաղաքի մէջ հիւանդատար կառքերու ձայներ կը լսուին, որոնք մասնաւորապէս Ժապլէ քաղաքէն վիրաւորներ կը տեղափոխեն դէպի Լաթաքիա: Կը հաղորդուի նաեւ, որ Հալէպէն մեծ թիւով հայեր պատերազմական դրութեան հետեւանքով փոխադրուած են Թարթուս քաղաք, որ մինչեւ այս ահաբեկչական պայթումը կը համարուէր համեմատաբար ապահով քաղաք մը: Թարթուսի մէջ եղած պայթումը կատարուած է քաղաքի քաղաքացիական փոխադրութեան կայարանին մէջ:

