Պաղտատի մէջ այսօր այգաբացին տեղի ունեցած ամերիկեան գրոհը կատարուած է անօդաչու սարքերու միջոցաւ։ Այս մասին գրած է «Ալ Արապիյա» կայանը նշելով նաեւ, որ անօդաչու սարքերէն արձակուող հրթիռները եղած են Hellfire Romeo R9x տիպի։
Հրթիռները բազմակողմանի առանձնայատկութիւններ ունին, որոնց ամէնէն կարեւորն այն է, որ անոնք կը պարունակեն վեց անկիւնաւոր կտրիչ-շեղբեր որոնք կը գործեն զսպանակով մը եւ բաւարար ուժ ունին հրթիռը թիրախին հասնելու պահուն անջատուելու եւ խոր խոցեր պատճառելու ընտրուած թիրախին։
Կը նշուի, որ այս հրթիռները կատարելագործուած են «Իսլամական պետութեան» դէմ շղթազերծուած ռազմական գործողութիւններուն եւ օդային գրոհներուն համար։
Ամերիկա այս հրթիռները գործածած է նաեւ Աֆղանիստանի, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ։