Սուրիոյ բանակի կողէ երկրի հարաւային շրջաններն ազատագրուելուն զուգահեռ զինուած ուժերը Սուէյտայի արուարձանի Խալխալա օդակայանին դէմ ուղղուած յարձակում խափանած են:
Յարձակումը կատարուած է «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման զինեալներու կողմէ, երբ Սուրիոյ բանակի զինուորները զբաղած էին ազատագրուած շրջանները ականազերծելու աշխատանքներով:
Բանակի հրամանատարներէն մէկը «Սփութնիք» լրատուական գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ զինեալ միաւորները փորձած են ներթափանցել Խալխալա օդակայան, սակայն ներթափանցման փորձը անյաջողութեամբ պսակուելէ ետք վերջիններս յարձակած ու բախում ունեցած են կառավարական բանակի զինուորներուն հետ, որուն հետեւանքով մեծ թիւով զինեալ ահաբեկիչներ զոհուած ու վիրաւորուած են, իսկ ուրիշներ՝ փախուստի դիմած: