Սոչիի մէջ կայացած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Մոլտովայի նախագահ Իկոր Տոտոնի հետ: Երկու առաջնորդները Սոչի ժամանած են՝ մասնակցելու Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի հերթական նիստին:
Ըստ Armenpress.am-ի՝ վարչապետ Փաշինեան յայտնած է Հայաստանի պատրաստակամութիւնը զարգացնելու Մոլտովայի հետ քաղաքական, տնտեսական յարաբերութիւնները:
Նախագահ Տոտոն շնորհաւորած է Փաշինեանը վարչապետ դառնալուն առիթով, մաղթած է յաջողութիւններ: «Մոլտովայի եւ Հայաստանի երկկողմ յարաբերութիւնները լաւ ձեւով կը զարգանան: Կ'ակնկալեմ, որ յետագային եւս մեր փոխշահաւէտ յարաբերութիւնները պիտի ամրապնդուին ի շահ երկու երկիրներուն»,- ընդգծած է Իկոր Տոտոն:
ՀՀ վարչապետի աշխատանքային այցին ընթացքին տեղի պիտի ունենայ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը: Նախատեսուած են հանրապետութեան վարչապետի այլ երկկողմ հանդիպումներ, ներառեալ՝ ԵԱՏՄ յանձնաժողովի աշխատակազմի նախագահ Տիգրան Սարգսեանի հետ