image

Սպիտակ Տան խօսնակը հրաժարեցաւ

Սպիտակ Տան խօսնակը  հրաժարեցաւ

Սպիտակ Տան խօսնակ Շին Սպայսեր իր պաշտօնէն հրաժարելէ ետք յայտնեց իր շնորհակալութիւնն ու գոհունակութիւնը ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփին հետ աշխատելուն համար:

Ան իր պաշտօնը ստանձնելէն 6 ամիս ետք հրաժարեցաւ, երբ Թրամփ Անթոնի Սքարամաթչին նշանակեց լրատուամիջոցներու տնօրէն՝ հակառակ Սպիտակ տան ընդհանուր պատասխանատուիին ընդդիմութեան:

Այս հրաժարականը, քաղաքական շրջանակներու մէջ դիտարկուեցաւ իբրեւ ապացոյց՝ Սպիտակ Տան   մէջ ներքին անհամերաշխութեան: