Սպիտակ Տան խօսնակ Շին Սպայսեր իր պաշտօնէն հրաժարելէ ետք յայտնեց իր շնորհակալութիւնն ու գոհունակութիւնը ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփին հետ աշխատելուն համար:
Ան իր պաշտօնը ստանձնելէն 6 ամիս ետք հրաժարեցաւ, երբ Թրամփ Անթոնի Սքարամաթչին նշանակեց լրատուամիջոցներու տնօրէն՝ հակառակ Սպիտակ տան ընդհանուր պատասխանատուիին ընդդիմութեան:
Այս հրաժարականը, քաղաքական շրջանակներու մէջ դիտարկուեցաւ իբրեւ ապացոյց՝ Սպիտակ Տան մէջ ներքին անհամերաշխութեան: