«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ արեւելագէտ՝ Արարատ Կոստանեանը
-Եթէ վերջին հինգ տարիներուն Հայաստանի քաղաքական իրադարձութիւններուն մասին որոշ նկարագրական մը փորձենք տալ, ապա պիտի նշենք այն, որ շատ տարբեր փուլերու փողոցային պայքարը իր ուրոյն տեղը ունեցաւ: Ձեր կարծիքով ի՞նչ փոփոխութիւն կրացաւ մտցնելՀայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ այդ ցոյցերու, միթինկներու , հանրահաւաքներու «լեզուն»:
-2008-ի նախագահական ընտրութիւններէն սկսած Հայաստանի հանրապետութեան ընդդիմութիւնը կրցաւ կոտրել երկրի մէջ ստեղծուած վախի մթնոլորտը եւ հնարաւորութիւն տրուեցաւ հասարակութեան այդ հատուածին՝ արտայայտելու իր բողոքը ու ցոյց տալու իր կեցուածքը: Իսկ մինչեւ անցնող շաբաթ Հայաստանի մէջ եղած անհնազանդութեան եւ բողոքի քայլերը բոլորովին նոր ձեւի բողոքի քայլեր են: Պէտք է նշել նաեւ, որ բողոքի ալիքին մասնակիցներու մեծ մասը երիտասարդներ են՝ համալսարանական, դպրոցական ու այս մէկը վերջին տաս տարիներուն Հայաստանի մէջ աննախադէպ է եւ ոգեւորիչ:
Եթէ ապրիլեան պատերազմին հայ զինուորը ըրաւ անհնարինը՝ դուրս մղելով ազրպէյճանական զօրքերը, ապա այսօր հայ երիտասարդութիւնը Երեւանի փողոցներուն մէջ ցոյց տուաւ իր ներկայութիւնը, ըսելով, որ ապագան իրն է, իսկ այսօրուայ անախորժութիւնները՝ անցողիկ:
Երիտասարդներով ընթացք առած բողոք հաւաքները ի սկզբանէ ղեկավարուեցան որոշ կուսակցութիւններու եւ ՀԿ-ներու կողմէ, որոնց մեծ մասը իրենց էութեամբ արեւմտամէտ են: Այս պատճառով ալ կայ այն մտավախությունը, թէ շարժումը կրնայ օգտագործուիլ արեւմուտքի կողմէն ճնշում գործադրելու Ռուսաստանի եւ Իրանի վրայ: Արեւմտեան բոլոր հեղինակաւոր թերթերը շարժումը կը ներկայացնեն որպէս հակառուսական: Ու այս առումով ալ Հայաստանի բոլոր քաղաքական կողմերը պէտք է յստակ դիրքորոշում ունենան ու յայտարարեն, թէ մենք «մայտան սարքելու Հայաստան չունինք»:
-Ձեր կարծիքով ի՞նչ ընկալում ունի Սփիւռքը այսօր Երեւանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն վերաբերեալ, ինչպէ՞ս կը մօտենայ Սփիւռքը քաղաքական պայքարի նման դրսեւորումներուն:
Իմ կարծիքով Սփիւռքը մեծ հաշուով անտեղեակ է Հայաստանի հասարակութեան խորքային խնդիրներէն, որովհետեւ անոնց կը հրամցուի այլ տեսակի տեղեկատուութիւն, ուր կ'ըսուի թէ Հայաստանի մէջ ամէն ինչ շատ լաւ է, Հայաստանը զարգացող երկիր է եւայլն:
Խօսելով վերջին բողոքի ալիքին մասին, ապա բացայայտ է, որ Սփիւռքի մէջ ալ ոգեւրութիւնը եւ հետաքրքրութիւնը աւելի ցայտուն է քան նախորդ դէպքերու պարագային:Սփիւռքը նաեւ մեծ գրաւ դրած է Հայաստանի երիտասարդութեան վրայ:
Պէտք է նաեւ նկատել, որ սփիւռքահայութիւնը առաջուան նման խոր թմբիրի մէջ չէ եւ անոնք ցանկութիւն ունին ամէն իմաստով ներգրաւուելու Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն մէջ եւ ոչ թէ միայն, որպէս «կթան կով» հանդէս գալու:
- Ձեր կարծիքով ի՞նչ ճանապարհներ են պէտք , որպէսզի Հայաստանի նոր իշխանութիւնները կարողանան ոչ միայն նաեւ շինիչ եւ կառուցողական մօտեցումներ անցնիլ պետականաշինութեան գործին:
Շատ կարեւոր է հետեւողական քայլերով վերացնել կաշառակերութիւնը եւ օրէնքը դարձնել կիրառելի բոլորին համար: Ի հարկէ այս բոլորը մեծ աշխատանք կը պահանջեն եւ պէտք չէ ակնկալել շատ արագ լուծումներ, այլ պէտք է փոքր քայլերով եւ նպատակասլաց ուղութեամբ երկիրը հանել ճահիճէն: Այդ բոլորի համար անհրաժեշտ են մասնագիտական ծրագիրներ ամենատարբեր ոլորտներուն մէջ: Կարեւոր է նաեւ կերտել Հայաստանի ազգային գաղափարական դէմքը, որպէսզի մեր երկիրը կարողանայ դիմակայել երեւելի դարձող բոլոր տեսակի մարտահրաւէրները: