Սպանական Մալագա նահանգին մէջ յատուկ գործողութեան ընթացքին «օրէնքով գողեր» ձերբակալուած են՝ ծնունդով Վրաստանէն 40-ամեայ Դաւիթ Քարտաւան եւ «Չիա» («Որդ») մականունով 29-ամեայ Լաշա Պարաթելին: Յատուկ գործողութեան մասին յայտնած է Վրաստանի Ներքին գործոց նախարարութեան քրէական ոստիկանութեան բաժնի տնօրէն Վլատիմիր Պորցուաձէն, կը գրէ Նովոսթի Կրուզիան:
Վրացի «օրէնքով գողերէն» բացի՝ սպանացի իրաւապահները եւս 9 մարդ ձերբակալած են, որոնցմէ մէկը Հայաստանի քաղաքացի է: Հետաքննութեան տուեալներով՝ կազմակերպուած յանցաւոր խմբաւորման անդամները կը ծրագրէին սպաննել մէկ այլ պանտայի անդամներ:
Վրաստանի ձերբակալուած քաղաքացիներն Սպանիոյ մէջ կը մեղադրուին փաստաթուղթեր կեղծելու, քրէական-յանցաւոր խմբաւորման անդամակցելու եւ սպանութեան փորձի նախապատրաստման համար: