2018 Տարուան սեմին Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանը մեծագումար վճարումներ կատարած է Լիբանանի Ազգային վարժարաններու ուսուցիչներուն: Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է Առաջնորդարանին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը, որ նաեւ կ'ըսուի թէ այս վճարումներուն մէջ նաեւ ներառնուած են 2001-2009 տարիներուն հայ ուսուցիչներուն տրուելիք գումարները:
Կը նշուի նաեւ, որ այս վճարումները կը կատարուին որպէս հատուցում վերջին տարիներուն երկրին մէջ տիրող տնտեսական ոչ բարենպաստ իրավիճակին հետեւանքով առաջացած պարտքերուն որպէս հատուցում:
Հաղորդագրութեան մէջ մանրամասնօրէն նշուած են վարժարաններուն եւ վարժարաններուն փոխանցուած գումարները:
Առաջնորդարանը Ազգային վարժարաններու թիւով 417 նախկին եւ ներկայ ուսուցիչներուն փոխանցած է հինգ միլիոն ամերիկեան տոլար (ճշգրիտ թիւը ՝ 5.082.677 ամն տոլար):
«Շնորհակալութիւն հայ ուսուցիչ» խորագրեալ հաղորդագրութեան աւարտին կը նշուի, որ Առաջնորդարանը այս նիւթական յատակցումները կատարած է ի գործադրումն Լիբանանի թեմի երեսփոխանական ժողովին, որ նախօրօք Ազգային Միացեալ Վարժարանի բացումին համար նախապայման դրած էր յետնեալ պարտքերու վերջնական փակումը: