Ֆրանսա մուտքի համար Շէնկէն վիզայի օգտագործման դադրեցումին եւ առկախման մասին հակասական տեղեկութիւններ կը հրապարակուին: Մինչ «Ռօյթըրզ» կը յայտնէ, թէ պաշտօնական Փարիզ առկախած է Շէնկէն մուտքագրի օգտագործումը, անդին Պէյրութի մօտ ֆրանսական դեսպանատունը յայտնեց, թէ դէպի Ֆրանսա մուտքը հերթականին պէս կ'ըլլայ Շէնկէնի օգտագործմամբ: Նշենք, որ Փարիզի կառավարութիւնը ապահովական մտահոգութիւններով առկախած է մարզական բոլոր միջոցառումները եւ երկրի վարժարաններն ու համալսարանները փակ պիտի պահեն իրենց դռները: