Ռուսական «Իզվեսթիա» թերթը դիւանագիտական աղբիւրներէ մէջբերում ընելով, գրած է, որ «Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները կը կարծեն (համոզուած են), որ Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատ կրնայ կարեւոր դեր խաղալ պետութեան քաղաքական ապագային մէջ»: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական թերթէն թարգմանութիւն ըրած «Սփութնիք» գործակալութիւնը:
Աղբիւրը կը հաղորդէ, որ սէուտցի քաղաքական վերլուծաբաններ կը հաւատան, որ «Սուրիոյ նախագահը իր տեղը պիտի ունենայ անցումային կառավարութեան մէջ», նշելով, որ «տարածաշրջանի երկիրները այլեւս չեն փորձեր Ասատի հեռացումի հարցը բարձրացնել՝ փակ հանդիպումներու ժամանակ»:
«Անոնք կը հասկնան, որ Պաշար Ասատ իրականութիւն մըն է, որուն հետ ստիպուած են գործակցիլ: Սակայն այս մօտեցումը անպայման չի նշանակեր, որ անոնք համաձայն են Ասատի մօտեցումներուն եւ քաղաքականութեան հետ» ըսած է աղբիւրը նշելով նաեւ, որ Ասատի դէմ եղող կողմերը ճիգ պիտի չխնայեն յառաջիկայ փուլին եւս հարուած տալու անոր: