«Սարայա Ահլ ալ Շամ» ահաբեկչական խմբաւորումը յատուկ յատարարութեան մը մէջ նշած է թէ «Արսէլ» քաղաքէն դուրս պիտի չհեռանայ:
Այս մասին տեղեկութիւն տուած է լիբանանեան «Ալ Ժատիտ» կայանը:
Ըստ կայանին՝ յայտարարութեան մէջ խմբաւորումը նշած է թէ այսօր առաւօտ, խմբաւորումի անդամները հաւաքելով իրենց զինամթերքն ու միանալով իրենց ընտանիքներուն՝ դուրս պիտի գային «Արսէլ» ի լեռնային հատուածներէն:
Սակայն՝ երբ խմբաւորումը լիբանանեան բանակի եւ իր դաշնակիցներու կողմէ եղած համաձայնութեան “խախտումին” մասին, անոնք նշած են թէ «Արսէլ» քաղաքէն դուրս չեն ելլեր մինչեւ ամէն ինչ ճիշդ ընթանայ, ինչպէս նախօրօք որոշուած էր համաձայնութեան մէջ: