Հանդիպումին կը մասնակցին 286 անձնաւորութիւններ, որոնց կարգին են՝ պատրիարքներ, կարդինալներ, եպիսկոպոսներ ու աշխարհական զոյգեր: Աշխատանքները պիտի շարունակուին Հռոմ, 7-14 Հոկտեմբեր 2026 ժամանակաշրջանին մէջ։
Պէյրութ, Երեքշաբթի, 6 Հոկտեմբեր 2026-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին տնօրինումով՝ Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմին Հաղորդակցութեան եւ Լրատուութեան Գրասենեակը հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
Այսօր, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը Պէյրութէն մեկնեցաւ Հռոմ, ուր Նորին Սրբութիւն Լեւոն ԺԴ. Պապին հրաւէրով՝ պիտի մասնակցի «Ընտանիքի եւ Ամուսնութեան մասին» համաշխարհային խորհրդակցական հանդիպումին, որ կը նշէ երջանկայիշատակ Փրանկիսկոս Քահանայապետին «Սիրոյ բերկրանք» առաքելական յորդորին հրատարակութեան տասնամեակը։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր հետ կը կրէ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին ձայնը, փորձառութիւնը եւ առաքելութիւնն Արեւելքի ու սփիւռքեան երկիրներուն մէջ: Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներուն Պատրիարքներուն եւ աշխարհի եպիսկոպոսական ժողովներու նախագահներուն կողքին՝ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին Հայրապետը ներդրում պիտի ունենայ եկեղեցական տեսլականի մը կերտումին մէջ՝ դիմագրաւելու ընտանիքին ու երիտասարդութեան այսօրուան մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ հզօրացնելու ամուսնութեան սրբութիւնն ու ընտանիքին դերակատարութիւնը՝ հաւատքն ու քրիստոնէական արժէքները նոր սերունդներուն փոխանցելու առաքելութեան մէջ։
Հանդիպումին կը մասնակցին 286 անձնաւորութիւններ, որոնց կարգին են՝ պատրիարքներ, կարդինալներ, եպիսկոպոսներ ու աշխարհական զոյգեր: Աշխատանքները պիտի շարունակուին Հռոմ, 7-14 Հոկտեմբեր 2026 ժամանակաշրջանին մէջ։
Աղբիւրը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւն