image

Իրան եւ Ատրպէյճան կը մշակեն ուժանիւթի պաշարներու ստորգետնեայ պահեստարաններու կառուցման նախագիծ

Իրան եւ Ատրպէյճան կը մշակեն ուժանիւթի պաշարներու ստորգետնեայ պահեստարաններու կառուցման նախագիծ

 

Իրան եւ Ատրպէյճան պիտի մշակեն ուժանիւթի պաշարներու ստորգետնեայ պահեստարաններու կառուցման ծրագիր։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի նաւթի փոխնախարար Սայիտ Թաւաքոլին՝ «Ռուսիոյ ուժանիւթի շաբաթ» համաժողովին ընթացքին։

«Եւ, անշուշտ, պիտի ստեղծուին համատեղ ստորգետնեայ պահեստարաններ, որոնք պիտի օգտագործուին։ Այժմ Ատրպէյճանի հետ կը քննարկենք նման ծրագիրի իրականացման կարելիութիւնը»,– անոր խօսքերը մէջբերած է ԹԱՍՍ լրատուական գործակալութիւնը։