Ղարաբաղա-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ հակառակորդի մէկ դիակ յայտնաբերուած է: Այս մասին լուրը կը փոխանցէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ դիակը գտնուած է, երբ հայկական հետախուզական զօրքեր աշխատանքներ կը կատարէին շրջանին մէջ: