image

Պայթուցիկ նիւթեր գտնուած են Պուրճ Համուտի «Մար մանսուր» վարժարանին կից

Պայթուցիկ նիւթեր գտնուած են Պուրճ Համուտի  «Մար մանսուր» վարժարանին կից

Պուրճ Համուտի սահմանագծին գտնուող «Մար մանսուր»  է վարժարանին կից   յայտնաբերուած են պայթուցիկ նիւթեր։

 

 Այս մասին իմացանք Lebanonon կայքէն։

 

 Աղբիւրը  կը գրէ, որ երէկ  բանակային մարմիններ յաջողած են չէզոքացնել  մեծ քանակութեամբ  պայթուցիկ նիւթեր, իրենց լարման սարքերով եւ թելերով, որ գտնուած են փակ  խանութի մը մէջ։

 

 Մանրամասնութիւններուն մէջ կը նշուի նաեւ, որ գողութեան նպատակով փակ խանութը մուտք գործած անձեր,  նկատելէ ետք պայթուցիկներու  առկայութիւնը դիմած են ապահովական մարմիններու, որոնք իրենց կարգին շրջան ժամանելով պէտք եղած բոլոր  տնօրինումները կատարած են  հեռու պահելով շրջանը   վտանգներէ։

 

 

Կը նշուի նաեւ, որ պայթուցիկ նիւթերը եղած են արդիական տեսակի  ականներ եւ պայթելու պատրաստ նիւթեր, որոնց կշիռքը կը հասնի  200 քիլո կրամի։

 

Նշենք, որ   «Մար  մանսուր» վարժարանի  շրջանը կը համարուի  սահմանագիծ Պուրճ Համուտ աւանի եւ Սին Էլ  Ֆիլ   շրջանին միջեւ։