image

Ռուսաց Քիրիլ Պատրիարքը Դէպի Քուպա. Կը Սպասուի Պատմական Հանդիպում Հռոմի Պապին Հետ

Ռուսաց Քիրիլ Պատրիարքը  Դէպի Քուպա. Կը Սպասուի Պատմական  Հանդիպում Հռոմի Պապին  Հետ

Քուպա-(Լրատուական գործակալութիւններ- «Արեւելք»)Համայն Ռուսաց Քիրիլ Պատրիարքը  այսօր   Գուպա մեկնեցաւ: Նշենք, որ վաղը  12 Փետրուարին  Հաւանայի մէջ    Քիրիլ  Պատրիարք եւ  Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապ       հանդիպում մը պիտի  ունենան: Պատմական համարուած   այս հանդիպումը   Քրիստոնեայ  երկու     մեծագոյն համարուած եկեղեցիներու պետերուն մէջ առաջինը  պիտի ըլլայ: Նշենք նաեւ, որ     1000 տարիէի ի վեր երկու եկեղեցիներուն  միջեւ այ մակարդակի հանդիպում չէ  եղած:  Քիրիլ   Պատրիարք եւ Ֆրանչիսհկոս Պապ իրենց խօսքերուն  մէջ վեր պիտի առնեն      Գուպայի  մէջ  քրիստոնէական արժէքներու  վերադարձին կարեւորութիւնը եւ   կրօնքի    ազատութեան      հիմնադրոյթը:  Հռոմի Պապը       քանի մը մը ժամ Հաւանայի  օդակայանը անցընելէ ետք պիտի ուղղուի   դէպի Մէքսիքո,  կատարելու իր պապական առաջին  հովուական այցելութիւնը: