Քուէյթի մէջ այսօր իր մահկանացուն կնքած է Վիքի (Վիքթորիա) Սերոբեանը: 1965-ին Հասաքէ ծնած Վիքի աւարտած է Պէյրութի Համազգային Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկը ու շրջան մը Պէյրութ ապրելէ ետք հաստատուած է Քուէյթի մէջ, ուր նուիրուած է ուսուցչական ասպարէզին: Վերջին 1,5 տարուան ընթացքին Վիքի կը տառապէր ծանր հիւանդութիւնէ, որուն հետեւանքով կը փակէր իր աչքերը: Վիքի Սերոբեանի թաղման կարգը պիտի կատարուի Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ յետմիջօրէի ժամը 3:30-ին: Հանդարտ, խաղաղ բնաւորութեան տէր Վիքի Սերոբեանի յիշատակը անթառամ պիտի մնայ բոլոր զինք ճանչցողներուն սրտերուն մէջ: