image

«Քորոնա»ի վարակակիրներու թիւը՝ 673 է. Կամ ինչ դաս քաղել Լիբանանի օրինակէն

«Քորոնա»ի վարակակիրներու  թիւը՝  673 է. Կամ  ինչ դաս քաղել Լիբանանի օրինակէն

 Լիբանանի  մէջ   առկայ   ընկերային-տնտեսական  դրութիւնը բաւականին ծանր էր, երբ «Քորոնա»  վարակը,     անկոչ  հիւրի  պէս   հասաւ Պէյրութ։

 

 Երկիր մը, որ ցայսօր ալ կանգնած է տնտեսական  մեծ   փլուզման վտանգներուն  առաջ եւ հակառակ  առկայ   տարբեր տեսակի  երեւելի եւ   աներեւոյթ  պատժամիջոցներուն  կարողացաւ   լաւ  օրինակ մը դառնալ, ոչ միայն   իր մօտիկ  շրջապատին  այլ նոյնիսկ հեռաւոր ափերու բնակիչներուն։

 

 Այս  խօսքին ամէնէն վառ   ապացոյցներէն  պէտք է համարել     Պէյրութի   Ամերիկեան համալսարանի      ԱՄՆ քաղաքացի  մէկ   դասախօսին  պարագան, որ  խօսելով  հանրայայտ  CNN   կայանին  նկատել  տուած էր, թէ   ինք    եւ մասնաւորապէս «Քորոնա»ի   այս ժամանակներուն կը նախընտրէ     Պէյրութ մնալ   եւ  հրաժարիլ  ԱՄՆ կառավարութեան  տուած բոլոր դիւրութիւններէն  վերադառնալու համար  իր երկիրը ՝  ԱՄՆ։

  Ի  դէպ ընկերային  ցանցերու  վրայ լայն տարածում ունեցող   այս լուրը      արկի մը պէս  կը պայթէր  եւ  զարմանք  կ՚առթէր,  բոլոր անոնց,  որոնք  մինչ  այդ կը մտածէին, որ  «Լիբանանն  արդէն  վերջացած երկիր է», ու աւելի հեռու  երթալով  կը դիտարկէին,  որ «Կառավարութիւնը    մինչեւ հիմա  չկարողացաւ    տնտեսական խնդիրները  լուծել, ապա ինչպէս պիտի կարողանայ  «Քորոնա»ին դէմ  պայքար մղել ...»։

 Սակայն իրականութիւնը   այլ էր, ու այսօր    «Քորոնա»  վարակի  Պէյրութ հասնելէ    շուրջ   40 օր  անց   Լիբանանի մէջ  վարակակիրներու թիւը    կը կազմէ ՝ 673,  մահացութիւններունը՝  21        բան մը, որ   տարբեր  դիտանկիւններէն  նայուած  ցոյց   կուտայ, որ    վարչապետ Հասան Տիապի    կառավարութեան    տարած   ճիգերը     տուած են իրենց բարի պտուղը։

 Գիտենք, թէ  ինչքան   խիտ բնակչութիւն ունի    Լիբանանը, ուր   վերջին հաշուարկներով  երկրին մէջ  կ՚ապրին  մէկ միլիոնէ  աւելի   սուրիացի  փախստականներ, իսկ      40-ականներէն ի վեր Լիբանան   «հաստատուած»   պաղեստինցիներուն թիւն  ալ կը գնահատուի առնուազն  800  հազարով։

 Ու անկախ   թիւերու  ընդհանուր ճշգրտութենէն (պարզ անոր համար, որ  այս թիւերը  եւս կը քաղաքականացուին)  հարկ է  նշել,  որ          վեց միլիոնի հասնող եւ շատ մը  շրջաններուն մէջ       մեծաթիւ  քաղաքացիներու,  փախստականներու եւ  բնակչութեան խտութիւն ունեցող   քաղաքներու   գոյութեան   Լիբանանի  մէջ     «Քորոնա»ով վարակուածներուն թիւը     սարսափեցնող, կամ մտահոգող  չէ։  Ասոր վրայ  անշուշտ  պէտք է աւելցնել  այն փաստը,  որ  որ     վերջին տուեալներով      օրական դրութեամբ   նոր  հիւանդներու թիւը  չանցնիր երկու-երեքը,  բան մը, որ նաեւ  ցոյց կուտայ, որ առաջիկայ  օրերուն  երկիրը  կամաց-կամաց    դուրս  պիտի գայ արտակարգ դրութեան  պայմաններէն ու վերադառնայ  բնականոն հունի։

 

 Այստեղ    չմոռնամ նշելու, որ    երբ  վարակը սկսած էր     մեծ  աճ  արձանագրել   Լիբանանցիներու կարեւոր  մէկ  տոկոսը  չուզեց  անսալ  կառավարութեան  տունը մնալու յորդորներուն,   որու աւարտին  ալ     կառավարութիւնը ստիպուած  եղաւ      կտրական  քայլեր առնելու  սահմափակելով մանաւանդ  քաղաքացիներու շրջագայութիւնը  եւ   վերացնելով  քաղաքացիներու իրար հետ շփման  մէջ   գտնուելու    վտանգները։

 

Այս  միջոցներէն  բացի   երեւելի ու   շեշտակի դեր ունեցան երկրի  ԶԼՄ-ները, որոնք  յաճախ  իրենց հրապարակումներով, ոչ թէ միայն խուճապ ստեղծեցին, այլ  տարածեցին այնպիսի   տեսանիւթեր,  որոնց ճամբով ալ  պարզ   քաղաքացին   հասկցաւ, որ խնդիրը լուրջ է եւ   ճիշդ  քայլ   կ՚ըլլար, եթէ  իրենք     մեկուսանային ու փակուած մնային  իրենց տուներուն մէջ։

 

 Հոս   եւս  յստակ դարձաւ,  որ ինչքան         գիտակից  հասարակութիւն  ունի  Լիբանանը, որուն   մեծ տոկոսը «թքած  չունի»  այս     հրէշաւոր վարակին վրայ  եւ     անհոգ  ու   կարգազանց   հասարակութիւն մը չէ, ինչպէս  կը  կարծուէր  շատ-շատերու կողմէ։

 Պետութիւններու, կառավարութիւններու, կառավարական համակարգերու  մօտեցումները  մէկդի,  եւ հասարակութիւններու,  քաղաքացիական   շարժումներու, անհատ  մարդոց      գործողութիւնները  այլ   կողմ։   Այսինքն, եթէ   պետական մարմինները   փորձեն ամէն կերպ      արգելակել   վարակի տարածումը,  անոնք պիտի չյաջողին  իրենց գործին մէջ, եթէ   հասարակ  քաղաքացին   ականջ չտայ  այդ անհրաժեշտ   յորդորներուն  ու   փողոց դուրս  գալով   փորձէ  վարուիլ ու ապրիլ, այնպէս ինչպէս  կ՚ընէր նախքան  վարակի  գոյութիւնը։

 

 Վարակը  վաղը  կը սահի կ՚երթայ,  կը հեռանայ,  կամ նոյնիսկ կը շարունակէ    մեր   հետ ապրիլ, մեզի «ընկերանալ»  ու   քիչ մըն ալ  վարակել,  այդ բոլորը կան,   ու շատ յստակ է, որ   վարակի թելադրած   կանոնները, պիտի ըլլան  բաւականին  նոր  կանոններ,  որոնք կրնան   հիմնապէս  փոխել մեր  կենսակերպը,  սակայն կարեւորն այն է, որ հասարակութիւնները,  պարզ մարդիկ, սովորական քաղաքացիներ, ինչպէս   «վարուեցան»   ««Քորոնա» երեւոյթին հետ», ինչպէս    հասկցան անոր «պատգամներ»ը  եւ ինչ  ըրին անոր դէմ  պայքարելու համար։

 Ապրելու  համար  անշուշտ, եւ   կեանքը  շարունակելու  ...

  Հինէն ի վեր  լիբանանցիներու մասին «ստեղծարար»  եւ    «ապրեցնող  ժողովուրդ» դրուածքները   կան... ու այսօր  այդ դրուածքները   անգամ մը եւս իրականութիւն դարձան, որովհետեւ Լիբանանցիին համար    գերագոյն արժէքը ՝ կեանքն  է,  ապրիլը,  ապրումը եւ ստեղծարար  ըլլալը։

 Այս կանոններն են,  որոնք   ուսանելի   պէտք է ըլլան, նաեւ մեզի համար,   որ  յաճախ   ցորենը  որոմէն  զանազանելու «սիրտը» չենք  ունենար  ու   կարեւորը   կը զոհենք  անկարեւորին ու ժամանակաւորին առջեւ։

 Լիբանանը լաւ օրինակ է,  դաս քաղենք  այդ  օրինակէն։

 

 

  «Ա»