Հայաստանը 1 մլն շունչի հաշուով «Քորոնա» ժահրով վարակման ցուցանիշի առումով տարածաշրջանին մէջ նոր «մրցանիշ» կը գրանցէ: Ինչպէս կ'երեւայ worldometers.info կայքի թարմացուող տուեալներէն, մէկ օրուան մէջ այդ ցուցանիշը աւելցած է մրցանշային 258-ով՝ կազմելով 4431:
1 մլն շունչի հաշուով «Քորոնա» ժահրէ մահացութեան ցուցանիշով (68) Հայաստանը տարածաշրջանին մէջ երկրորդն է: Միւս երկիրներուն մէջ պատկերը հետեւեալն է. Իրան՝ 99, Թուրքիա՝ 56, Ռուսաստան՝ 40, Ատրպէյճան՝ 9, Վրաստան՝ 3: