image

«Քորոնա»ի Տագնապ. Մէկ միլիոն բնակչութեան կտրուածքով Հայաստանը կը շարունակէ պահպանել վատ ցուցանիշ

«Քորոնա»ի Տագնապ. Մէկ միլիոն բնակչութեան կտրուածքով Հայաստանը կը  շարունակէ պահպանել վատ ցուցանիշ

Հայաստանը 1 մլն շունչի հաշուով «Քորոնա» ժահրով վարակման ցուցանիշի առումով տարածաշրջանին մէջ նոր «մրցանիշ»  կը գրանցէ: Ինչպէս կ'երեւայ worldometers.info կայքի թարմացուող տուեալներէն, մէկ օրուան մէջ այդ ցուցանիշը աւելցած է մրցանշային 258-ով՝ կազմելով 4431:

Այս առումով տարածաշրջանին մէջ մեր երկիրը առաջատարն է: Տարածաշրջանի միւս երկրներու տուեալները 1 մլն շունչի հաշուով «Քորոնա» ժահրով վարակման համար հետեւեալն են. Ռուսաստան՝ 3205, Իրան՝ 2047, Թուրքիա՝ 2019, Ատրպէյճան՝ 745, Վրաստան՝ 203:

1 մլն շունչի հաշուով «Քորոնա» ժահրէ մահացութեան ցուցանիշով (68) Հայաստանը տարածաշրջանին մէջ երկրորդն է: Միւս երկիրներուն մէջ պատկերը հետեւեալն է. Իրան՝ 99, Թուրքիա՝ 56, Ռուսաստան՝ 40, Ատրպէյճան՝ 9, Վրաստան՝ 3: