Պոլսոյ մէջ գրանցուած է «Քորոնա» վարակի նոր զոհ։
Այս մասին տեղեկութիւն ստացանք Պոլսոյ մեր աղբիւրէն, որ նաեւ նշեց, թէ ժամեր առաջ «Քորոնա»ի հետեւանքով իր մահկանացուն կնքած է համայնքի անդամներէն ՝ Ասպետ Պօղոսեանը:
Կը նշուի նաեւ, որ համայնքի կեանքին աշխոյժ մասնակցութիւն բերած հանգուցեալը որոշ ժամանակ մը վարած է Պոլսոյ «Պէզճեան» վարժարանի սանուց միութեան ատենապետի պաշտօն։
Պօղոսեան արհեստով ոսկերիչական վաճառատուն ունէր Պոլսոյ «Փակ շուկա»ին մէջ, ան վաթսունը անց էր, մահացած է Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցին մէջ։