image

«Քորոնա»ի պատճառով մահացած է Պոլսահայ համայնքային գործիչ՝ Ասպետ Պօղոսեան

«Քորոնա»ի պատճառով մահացած է Պոլսահայ համայնքային գործիչ՝ Ասպետ Պօղոսեան

Պոլսոյ մէջ  գրանցուած է  «Քորոնա» վարակի նոր զոհ։

Այս  մասին տեղեկութիւն ստացանք  Պոլսոյ մեր աղբիւրէն, որ նաեւ նշեց, թէ  ժամեր առաջ     «Քորոնա»ի  հետեւանքով  իր մահկանացուն կնքած է համայնքի անդամներէն ՝  Ասպետ  Պօղոսեանը:

Կը նշուի նաեւ, որ  համայնքի կեանքին աշխոյժ մասնակցութիւն բերած  հանգուցեալը որոշ ժամանակ մը վարած է Պոլսոյ «Պէզճեան» վարժարանի  սանուց միութեան  ատենապետի  պաշտօն։

Պօղոսեան  արհեստով ոսկերիչական վաճառատուն ունէր Պոլսոյ «Փակ շուկա»ին մէջ, ան վաթսունը անց էր, մահացած է Սուրբ Փրկիչ  հիւանդանոցին  մէջ։