image

Քրտական PKK-ի Համակիներ Բողոքի Ցոյց Ըրին Պորտոյի Թրքական Հիւպատոսարանին Դիմաց

Քրտական PKK-ի  Համակիներ Բողոքի Ցոյց Ըրին Պորտոյի Թրքական  Հիւպատոսարանին  Դիմաց

Ֆրանսա- («Տէյլի Սապահ»-Պոլիս)- Երկուշաբթի օր Ֆրանսայի հարաւարեւմտեան կողմը գտնուող Պորտո քաղաքին մէջ, PKK համակիրներու խումբ մը   բողոքի ցոյց ըրած է թրքական հիւպատոսարանին դէմ: Այս մասին կը գրէ «Տէյլի Սապահ», նշելով, թէ 50 PKK-ամէտ ցուցարարներ պաստառներով հաւաքուած էին հիւպատոսարանի շէնքին առաջ: Ցուցարարներէն մէկը մագլցած է շենքի դիմաց եւ բարձրացուցած է PKK-ի դրօշը: Կը հաղորդուի նաեւ,  որ ֆրանսական ոստիկանութիւնը ցրած է ամբոխը՝ ժամը 11:00-ի շուրջ, մտավախութիւն ունենալով, որ բողոքի ցոյցը  կրնայ  վերածուիլ բռնութիւններու: Աղբիւրը կը նշէ, որ ֆրանսական եւ թրքական իշխանութիւնները կը փորձեն բացայայտել յանցագործներու ինքնութիւնը: Կը նշուի, որ PKK-ան ԵՄ-ի եւ ԱՄՆ-ի կողմէ ճանչցուած է որպէս ահաբեկչական կազմակերպութիւն: Ան վերսկսած է իր գործողութիւններու արշաւը թրքական պետութեան դէմ յուլիս 2015-ին՝ 30-ամեայ հակամարտութեան երկուք ու կէս տարուան  դադարէ մը  ետք: