image
Հրատապ լուրեր:

Քրտական ինքնապաշտպանութեան ուժերը պիտի չյանձնուին Սուրիոյ բանակին

Քրտական ինքնապաշտպանութեան ուժերը պիտի չյանձնուին Սուրիոյ բանակին

Քրտական ինքնապաշտպանութեան ուժերու խօսնակը յայնտած է, որ քիւրտերը չեն պատրաստուիր իրենց զէնքերը յանձնել Սուրիոյ բանակին:

«Ալ Տիար» կայքին համաձայն, քիւրտ խօսնակը նշած է, որ իրենք ամերիկեան բանակի միջոցով տեղեկացած են, թէ թրքական ուժերը Աֆրինէն կը քաշուին, իրենց դիրքերը զիջելով Սուրիոյ բանակին, միաժամանակ շեշտելով, որ թէեւ իրենք պատրաստ են ընդունիլ Սուրիոյ բանակի զինուորներն ու եղբայրական վերաբերմունք ցուցաբերել վերջիններուս, սակայն նկատի ունենալով, որ ամերիկեան ուժերը իրենցմէ չեն պահանջել իրենց զէնքերը յանձնել, ուրեմն նման բան տեղի պիտի չունենայ: