«Քիւրտիստանի ազատագրութեան արծիւներ» կազմակերպութիւնը այսօր հաղորդագրութեամբ մը ստանձնած է Պոլսոյ Պայազիտ հրապարակին մօտ եղած պայթումին պատասխանատուութիւնը: Կազմակերպութիւնը նաեւ յայտնած է, թէ յետ այսու Թուրքիան անապահով վայր է բոլոր զբօսաշրջիկներուն համար: Նշենք, որ երեքշաբթի օր Սուլթան Պայազիտ հրապարակին մօտ գրանցուած պայթումին հետեւանքով զոհուած էին 11 անձեր, վիրաւորներուն թիւը հասած էր 30-ի: Սոյն կազմակերպութիւնը տարբեր վայրերու մէջ եւս նման գործողութիւններ կատարած է: