image

«Քիւրտիստանի ազատագրութեան արծիւներ». Թուրքիան ապահով վայր մը չէ

«Քիւրտիստանի ազատագրութեան արծիւներ». Թուրքիան ապահով վայր մը չէ

«Քիւրտիստանի ազատագրութեան արծիւներ» կազմակերպութիւնը այսօր հաղորդագրութեամբ մը  ստանձնած է Պոլսոյ Պայազիտ հրապարակին մօտ եղած պայթումին պատասխանատուութիւնը: Կազմակերպութիւնը նաեւ  յայտնած է, թէ յետ այսու Թուրքիան անապահով վայր է բոլոր զբօսաշրջիկներուն համար: Նշենք, որ երեքշաբթի օր Սուլթան Պայազիտ հրապարակին  մօտ  գրանցուած պայթումին հետեւանքով զոհուած  էին 11 անձեր, վիրաւորներուն թիւը  հասած էր 30-ի: Սոյն կազմակերպութիւնը տարբեր վայրերու մէջ եւս նման  գործողութիւններ կատարած է: