image

Քեսապի նիւթական մշակոյթի պատկերը. Յակոբ Չոլաքեան

Քեսապի նիւթական մշակոյթի պատկերը. Յակոբ Չոլաքեան

Քեսապի նիւթական մշակոյթի պատկերը
Գրեց՝ Յակոբ Չոլաքեան


Ա. Մաս

Քեսապի նուիրուած իմ եռահատորին[1] եւ այլ աշխատասիրութիւններուս մէջ ես հանգամանօրէն անդրադարձած եմ տեղացի Հայոց մինչեւ 1950-ական թուականները գոյատեւող հին կենցաղի նիւթական արտայայտութիւններուն՝ տան կառոյցին, թոնիրին, ճամբաներուն, հին տնտեսութեան մէջ տեղ գտած աշխատանքի տեսակներուն, անոնց կատարման եղանակներուն, արտադրութեան եւ մթերման կերպերուն ու  նիւթերուն: Անդրադարձած եմ նաեւ աշխատանքի գործիքներուն՝ քարէ, փայտէ, մետաղէ իրերուն, ծեղէ, եղէգէ, ուռէ, բուրդէ, այծի մազէ ու թելէ հիւսուածքներուն, տարազին եւ այլն: Տուած եմ գծանկարներ եւ նկարներ, միշտ այն երազը փայփայելով, որ օր մը կարելի պիտի ըլլայ լաւագոյն նմոյշները պահել-պահպանել ազգագրական թանգարանի մը մէջ:
Քեսապի նախկին փակ տնտեսութիւնը հիմնովին փոփոխութեան կ’ենթարկուէր այդ թուականներուն. ելեկտրականութիւնը կը հասնէր ամէն տեղ, ճամբաները կ’արդիականացուէին, ջուրը կը հոսէր տան մէջ, փոխադրութեան միջոցները կը փոխուէին: Գիւղատնտեսութեան մէջ ամէն բան կը մեքենայացուէր: Կը վերնային հողագործութեան գրեթէ բոլոր տեսակները՝ ցանքը, բանջարաբուծութեան հին կերպերը: Պտղամշակութիւնը կը մասնաւորուէր ու կ’անցնէր արտադրական եղանակին, զբօսաշրջութիւնը կամաց-կամաց հիմնական տեղ կը գրաւէր հին զբաղումներուն տեղ: Երկաթ-պեթոնը կը փոխարինէր նախկին բոլոր տեսակի շինութիւնները: Թաղերու մէջ բնակելի հին տուները կը փոխէին տանիքները, յարդով շաղախուած հողէ ծեփը կը մոռցուէր, քարէն կիր պատրաստող օճախները շարքէ դուրս կու գային, կրաղիւսով կը ծեփուէին նաեւ հին քարէ շէնքերու արտաքին պատերը: 1915-ին կիսաւարտ մնացած Քեսապի Աւետարանական եկեղեցին, կէս դար ետք, ճամբաները եւ բակին մէջ մնացած քարէ սիւներն ու սրբատաշ քարերը ձգած, երկաթ-պեթոնով կ’ամբողջանար. 1908-ին տեղական քարով կառուցուած Գարատուրանի Աւետարանական եկեղեցին կրաղիւսի ծեփով կը փոխէր իր կերպարանքը, նոյնը՝ Քեսապի 1910-ին կառուցուած «Գրադխանա»-ն, նոյնը՝ 1897-ին կառուցուած Քէօրքիւնէի եկեղեցին: Քեսապի մայր եկեղեցին քանի մը անգամ վերանորոգութեան կ’ենթարկուէր գերազանցապէս օգտագործելով ոչ թէ տեղական յայտնի սպիտակ քարը, այլ Հալէպի դեղին քարը: Շարք մը թաղեր բոլորովին կը լքուէին, պարտէզներու մէջ առանձնատուները կը բազմանային: Կեանքը, գիւղը, անոր արտաքին կերպարանքը ամբողջապէս կը կերպարանափոխուէր: Թոնիրները կը կքէին, հնձանները կը լքուէին, հին կամարակապ աղբիւրները կը փլէին ու կը վերակառուցուէին այլակերպ տեսքով կամ արթէզեան ջրհորներու հետեւանքով կը չորնային ու մոռացութեան կը մատնուէին: Աշխատանքի հին տեսակներու գործիքներն ու առարկաները լաւագոյն պարագային կը մոռցուէին մառաններու կամ լքուած տուներու մութ խորշերուն մէջ, շատ-շատ՝ մեծ հայրիկէն ու մայրիկէն մնացած յիշատակները կը դասուէին սնտուկներուն մէջ կամ խոհանոցի մէկ անկիւնը:
1978-ին, Քեսապի Ուսումնասիրաց գրադարանին մէջ խումբ մը քեսապցի երիտասարդ-երիտասարդուհիներու հետ ես կազմակերպեցի Քեսապի ազգագրական իրերու ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած էին մեր նախնիներուն կենցաղին ու աշխատանքային առօրեային մէջ տեղ գտած այն իրերը, որոնք փակ տնտեսութեան հետեւանքով՝ գիւղացիին ձեռքով շինուած ու միայն իր գործածութեան համար նախատեսուած իրեր էին, նաեւ տեղացի վարպետներու աշխատանքներ, որոնք կիրառական արժէք ունենալու կողքին՝ ունէին նաեւ գեղագիտական արժէք: Քարէ, փայտէ, մետաղէ այդ իրերը, ծեղէ, եղէգէ, ուռէ հիւսուած ամանները, այծի մազէ, բուրդէ, ապրշումէ ու թելէ հիւսուածքները, ասեղնագործութեան իւրայատուկ նմոյշները, հին տարազի հազուագիւտ օրինակները հաւաքած էինք մեր հայրենակիցներէն: Հոն տեղ գտած էին ԺԹ. դարու երկրորդ կէսերէն գէթ մինչեւ Աղեքսանտրէթի Սանճաքի Թուրքիոյ կցումը ամբողջ շրջակայքի հայ, թիւրքմէն ու ալեւի գիւղացիներու պէտքերը գոհացնող Քեսապի արհեստանոցներու շուկային՝ դարբիններու, պղնձագործներու, զինագործներու, կերպասագործներու պատրաստած հազուագիւտ իրերը: Ցուցահանդէսէն ետք նիւթ դարձաւ ազգագրական թանգարան մը ձեւաւորելու խնդիրը: Տոքթ. Ռոպերթ Ճեպեճեան նպատակայարմար գտաւ այդ նիւթերով փոքրիկ թանգարան մը բանալ Հալէպի մէջ: Գաղափարը երկու ելակէտ ունէր. նման ցուցասրահներ դեռ չէին գործեր Հալէպի եւ շրջաններու մէջ. ատիկա պիտի ըլլար հայ գաղութի նախաձեռնութիւնը. երկրորդ՝ ատիկա Հալէպի մեր դպրոցականներուն պիտի տար հայ գրականութենէն լսած ու կարդացած շատ բաներ աչքով տեսնելու հնարաւորութիւն, որովհետեւ անիկա փշուր մը շօշափելի յիշատակ պիտի ըլլար մեր ամբողջապէս կորսնցուցած Արեւմտեան Հայաստանի կենցաղէն: Չիրականացաւ:
1980-ականներուն մարդիկ սկսան ափսոսալ հինի կորուստը ու բնական ընթացքով սկսան հինէն բան մը պահելու, հինը նոր նպատակներով գործածելու հետաքրքրութիւն մը ունենալ: Այդ իմաստով կարեւոր գործ կատարեց Երկիր եւ Մշակոյթ կազմակերպութիւնը, որուն ջանքերով վերանորոգուեցաւ Գարատուրանի մէջ տուն մը, Ս. Ստեփանոս մատուռը, Քեսապի մէջ Աշգարեանի տունը, եւ ամբողջ շարք մը տուներ Քեսապի Մայր եկեղեցւոյ ետեւի թաղին մէջ: Նոյնը ըրին նաեւ տեղացիները. նոյն ձեւով վերանորոգուեցաւ Քեսապի հայ Աւետարանական նախկին տղոց վարժարանի շէնքը ու վերածուեցաւ Միսաքեան մշակութային կեդրոնի: Մէկ-երկու տասնամեակ առաջ կրաղիւսով ծեփուած հին շէնքերու ներքին եւ արտաքին պատերու ծեփը հանուեցաւ՝ նախկին տեսքը վերականգնելու համար: Նոյնը ըրաւ Քեսապի կաթողիկէ եկեղեցին: Քեսապի հին տունը արժանացաւ որոշ ուշադրութեան. նոյնիսկ եղան մարդիկ, որոնք տեղական շինանիւթով ու Քեսապի հին տան ոճով տուն կառուցել սկսան: Այդպիսի իրագործում մըն էր «Սարօ» ճաշարանը: Այդ իմաստով գլուխ-գործոց մը եղաւ Գարատուրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնովին նորոգութիւնը: Մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած սուրիական «Կորուսեալ գիւղը» ֆիլմաշարը նկարահանուեցաւ Գարատուրանի մէջ, Ծովու թաղի հին տուներու միջավայրին մէջ: Այդ տուները Քեսապի մէջ ամենէն տեսարժան վայրերը հանդիսացան: Դէպքերէն առաջ օրական հարիւրաւոր զբօսաշրջիկներ շարքեր կը կազմէին այդ տուներուն համապատկերին վրայ նկարուելու ու ներսերը ժուռ գալու համար:
Գիւղատնտեսութեան մէջ քարէ ծանր իրերն ու սարքերը, ինչպէս տանիքներու լողերը, տարբեր չափի քարէ սանդերը, ձիթհանքի նախկին քարէ ճմլարաններն ու ճմլիչները, ջրաղացներու քարերը սկսան ուշադրութիւն գրաւել: Ասոնք սկսան օգտագործուիլ գեղարուեստական զարդարանքի ու յարդարանքի նպատակներով: Անոնցմով մարդիկ սկսան զարդարել իրենց նոր տուներու բակերն ու մուտքերը: Լողերը տեղադրելով բակին մէջ հոս ու հոն՝ օգտագործուեցան իբրեւ նստարան, սանդերը՝ իբրեւ շատրուան, կարասներն ու կուժերը իբրեւ թաղար: Կը նկատուէր գիւղի հրապարակները անոնցմով զարդարելու միտումը: Ոմանք լքուած թաղերու տուներէն հաւաքուած լողերու, քարէ տարբեր իրերու հաւաքածոներ կազմեցին: Յատկապէս սրճարաններն ու ճաշարանները իրենց մուտքերուն տեղադրեցին այդպիսի քարէ գործիքներ: Այդպիսի հաւաքածոյ մը կայ «Սախրա» ճաշարանի մուտքին, Սեւ աղբիւր: Բան չմնաց իր նախկին տեղը. սանդերը իրենց տեղերէն պոկուեցան, ճմլարաններու եւ աղօրիներու կիսականգուն պատերը քանդուեցան ճմլիչն ու ջաղացքի քարերը տանելու համար:
Փայտէ ու ծեղէ շինուած իրերը սկսան երեւիլ նստասենեակներու պատերուն իբրեւ ընտանեկան լուսանկարներու շրջանակ, իսկ պղինձէ հին ամանները՝ իբրեւ ծաղկաման կամ ապակեպատ պահարաններու ինքնուրոյն զարդ:
Ասիկա համաշխարհային երեւոյթ է մեր օրերուն: Մեր կենցաղէն դուրս դրուած իրերը արդէն պատմական ու գեղագիտական արժանիքներով կը վերարժեւորուին մարդոց կողմէ. արդիական ճաշարանի մը մէջ, օրինակ, կը տեսնես մէկ անկիւնը ցուցադրուած խոհանոցային հին իրեր՝ պղինձէ տապակ, դոյլ, դգալ, փայտէ շերեփներ, սուրճի աղօրի մը, այլ տեղ՝ ածուխով արդուկ, կարի մէկդարեայ մեքենայ մը եւ այլն:
Քեսապի մէջ կրկին դրուեցաւ ազգագրական թանգարան մը ունենալու գաղափարը, որ ջերմ արծարծողներ ունեցաւ այս դարասկիզբին: Գաբրիէլ եւ Յակոբ Ինճեճիքեան եղբայրները իրենց հայրական՝ տոքթ. Աւետիս Ինճեճիքեանի տունը նուիրեցին ազգին՝ առաջարկելով տան գետնայարկը յատկացնել թանգարանին: Սակայն շէնքը հիմնովին քանդուելով բոլորովին նոր կառոյցի մը ծրագիրը իրականացաւ: Ֆրանսահայ Երկիր եւ Մշակոյթ կազմակերպութիւնը առաջարկեց Քեսապի Սըթթից բակին մէջ վերանորոգուած տուներէն մէկը յատկացնել այդ նպատակին: Համաձայնութիւն գոյացաւ: Կը նախատեսուէր, որ թանգարանը ունենար արխիւային ցուցանմոյշներու (ձեռագիր, ու տպագիր նիւթեր, նկարներ, գծանկարներ) տարազի, բանուածքներու, տան կարասիի ու աշխատանքային իրերու եւ գործիքներու ցուցասրահներ: Բակին մէջ պիտի տեղակայուէին քարէ մեծ գործիքներ: Նիւթեր հաւաքուեցան: Թանգարանի բացումը 2005 Օգոստոսին մեծ շուքով կատարուեցաւ Բերիոյ թեմի առաջնորդին ձեռամբ, ազգային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ: Ներկաներէն ոմանք բերած էին իրենց տուները մնացած ցուցադրման արժանի նիւթեր: Թղթակցութիւններ երեւցան մամուլին մէջ: Բացումէն ետք կատարուած աշխատանքները ու հաւաքուած նիւթերու քանակը ծանօթ չէ մեզի:
Յաջորդ նախաձեռնութիւնը կը պարտինք Հայ կաթողիկէ համայնքի հովիւ հ. Նարեկ Լուիզեանին, որ 2012-ին շատ կարճ ժամանակի մը մէջ տուն առ տուն մտնելով մառաններէն ու հին տուներէն հաւաքեց ամէն ինչ, որով կարելի էր պատկերացնել քեսապցիներու հին կենցաղը, ու տոհմիկ իրերու թանգարանին բացումը կատարեց վանքի միջանցքներուն մէջ: Թանգարանը կոչուեցաւ Կիլիկիա: Ներկայացուած թանգարանային իրերու թիւը բաւական մեծ էր:
Ըսենք, որ 1920-ական թուականներուն նոյն տեղը կը գործէր նաեւ Պատմութեան թանգարան մը, երբ վանքը կը պատկանէր լատին փրանկիսկեան վարդապետներուն, որ դարասկիզբէն յաջողած էին Քեսապի մէջ կազմել լատին երկու համայնքներ: Վանահայր Սապաթինօ Տէլ Կայծօ ունէր հնագիտական հետաքրքրութիւններ. կը հրաւիրէր ֆրանսացի հնագէտներ, յիսուսեան վարդապետներ, ինչպէս հ. Յարութիւն Միսիրեանը, ու պեղումներ կը կատարէր շրջանին մէջ, յատկապէս Պալլում, ու հանուած նիւթերը կը տեղադրէր վանքին մէջ: Անոնց մէջ կային փիւնիկեան, սելեւկեան, հռոմէական, բիւզանդական ու խաչակիրներու ժամանակներուն վերաբերող նիւթեր: 1946-ին Լատինաց եկեղեցիներն ու վանքերը անցան Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան: Մեր օրերուն այդ թանգարանէն, բացի քանի մը մեծ քանդակազարդ ժայռերէ ու խոյակներէ, ոչինչ մնացած էր:
21-23 Մարտ 2014-ի ներխուժման հետեւանքով շրջանի բնակչութիւնը ապաստանեցաւ Լաթաքիա: Երեք ամիսներու ընթացքին տուները մեծ մասով ենթարկուեցան կողոպուտի: Տարուեցաւ ամէն ինչ, որ արժէք մը կը ներկայացնէր թալանչիներուն համար ու տրորուեցաւ, փշրուեցաւ քանդուեցաւ այն, որ թերեւս շատ աւելի մեծ արժէք կը ներկայացնէր տիրոջ համար: Մենք պատերազմէն ետք քանիցս այցելեցինք Քեսապ: Գերեզմանատուներու մէջ խաչարձաններու, խաչքարերու եւ տապանաքարերու ջարդը անասելի վայրագութեան մը եւ ատելութեան մը ապացոյցն էր: Միսաքեան մշակութային կեդրոնը ամբողջապէս հրկիզուած ու աւերակոյտի վերածուած էր: Ներքի գիւղի աղբիւրին ԺԵ.-ԺԶ. դարու խաչքարը արձակուած գնդակներու թիրախ հանդիսացած էր: Երկիր եւ Մշակոյթի թանգարանին համալիրին պահակը մեզի պատմեց, որ ոչ մէկ բան մնացած էր թանգարանէն, բացի քարաշէն քանի մը ծանր իրերէ ու բակը նետուած ու տրորուած ծեղէ եւ եղէգէ ամաններէ: Երկրաչափ Յակոբ Պետըրճիքեան, հաւաստեց, որ ծեղէ, ուռէ, դերձանէ, բուրդէ ու այծի մազէ բոլոր հիւսուածքները փճացուցեր էին, կաւէ ամանները՝ փշրեր, փայտէ իրերը՝ ջարդեր, իսկ մետաղէ գործիքներն ու իրերը՝ աւարեր: Նոյնը պատահած էր նաեւ կաթողիկէ համանքի վանքի թանգարանին, առնուած ու կողոպտուած էր ինչ
որ արժէք մը կրնար նկատուիլ, մնացեալը ջարդուած ու փշրուած էր: Հայր Նարեկ Լուիզեանին հետ անցանք թանգարանի յատկացուած միջանցքներէն. նոյն պատկերը:
Ծանր էր մշակութային կորուստը:
Քեսապը նման կորուստներ ունեցած է նաեւ 1909-ի Աղէտին, զոր ժողովուրդը առ այսօր Թալանտ (թալան՝ կողոպուտ) կը կոչէ: Աղէտէն ետք Հալէպի վիլայէթի մաս կազմող շրջաններէն, ուրկէ եկած էին թալանչիները, ոչ մէկ իր վերադարձուեցաւ Քեսապ: Միայն Լաթաքիոյ մութասարրիֆութեան պատկանող Քեսապի հարաւի Ֆագը Հասան եւ Պետրուսիա գիւղերէն մասամբ վերադարձուեցաւ այն աւարը, զոր անոնք խլած էին դէպի Լաթաքիա ուղղուող գաղթականներէն: Կենսագիր Մարիամ Սարամազեան-Չիւրիքեան կը գրէ. «Ամբողջ Քեսապը կողոպտուեցաւ։ Շատ աւար առին, տուները հրկիզեցին։ Ես միայն իմ տանս իրերը գիտեմ։ Մեր գործածած անկողիններէն բացի ունէինք 12 ձեռք վերմակ եւ անկողին, այծի մազով բանուած 6-7 կարպետ, սենեակի մեծութեամբ բրդեայ երկու կարպետ եւս, երեք գորգ, նստարան մը եւ անոր ծածկոց գորգը, 36 օգա մետաքս։ Ասոնք երեւցող մեծ իրերն էին։ Դեռ ինչ գիրքեր, նկարներ, վկայականս։ Բարեկամներուս եւ ուսուցիչներուս նկարները այրեցան։ Հապա այդ ամանեղէններս … Բոլորը գացին» [2]:

[1] Յակոբ Չոլաքեան, Քեսապ, Ա. հատոր, 1995, Բ. հատոր, 1998, Գ. հատոր, 2004, Հալէպ։
[2] Մարիամ Սարամազեան-Չիւրիքեան, Ինքնակենսագրութիւն, Քեսապ, Գ. հատոր, նշ. աշխ, էջ 201։

Յ. Չ.
«Գանձասար»