image

Քազզաֆի 1000-աստղանի հիւրանոցի մէջ կը գիշերէր. Ահմատ Քազզաֆ Ալ Տամ

Քազզաֆի 1000-աստղանի հիւրանոցի մէջ կը գիշերէր. Ահմատ Քազզաֆ Ալ Տամ

Լիպիա-Եգիպտոս դիւանագիտական յարաբերութիւններու նախկին պատասխանատու Ահմատ Քազզաֆի Ալ Տամ ժխտած է իր հօրեղբօրորդի Մուամմար Քազզաֆիի վերջին օրերուն զինք լքած ըլլալուն մասին տարածուած լուրերը, հաւաստիացնելով, որ ինք մինչեւ վերջին օր կապի մէջ էր անոր հետ:

Իտալական «Notizie Geopolitiche» թերթին տուած հարցազրոյցի ժամանակ Քազզաֆ Ալ Տամ պատմած է յառաջիկային լոյս տեսնելիք իր գիրքին մասին, որ կը կրէ «Քազզաֆ Ալ Տամ կը պատմէ. Կէս դար Քազզաֆիի հետ» խորագիրը:

Խօսելով Քազզաֆիի հետ ունեցած իր յուշերուն մասին, Քազզաֆ Ալ Տամ պատմած է, որ այդ յուշերէն գեղեցկագոյնն այն պահերն էին, երբ իր հօրեղբօրորդին անապատ մեկնելով կը ձերբազատուէր ամէն տեսակի կաշկանդումներէն եւ գետին կը պառկէր:

«Երեկոյեան մեզի դիմելով կ'ըսէր՝ դուք 5-աստղանի հիւրանոցներու մէջ կը գիշերէք, իսկ ես՝ 1000-աստղանի, նկատի ունենալով երկնքի մէջ շողշողացող աստղերը»,- պատմած է Քազզաֆ Ալ Տամ, աւելցնելով, որ Լիպիայի նախկին ղեկավարին հզօրութիւնն իր պարզութեան եւ խեղճերուն աջակցելու մէջ կը կայանար. «Ան երկար ժամանակ պաշտպանած է սեւամորթներն ու կարմիր հնդիկները եւ աջակցութիւն ցուցաբերած անոնց»:

Անդրադառնլով Լիպիոյ ներկայ իրավիճակին, Քազզաֆ Ալ Տամ ցաւով նշած է, որ որոշ լիպացիներ հաւատալով Արեւմուտքի կողմէ հնչաց ազատութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու խոստումներուն, տարիներ անց ճշմարտութիւնը յայտնաբերած ու զղջացած են, եւ հիմա Քազզաֆիի իշխանութեան օրերը կ'երազեն:

Պատասխանելով այն հարցին, թէ ովքե՞ր են Լիպիոյ այժմու ղեկավարները, Քազզաֆ Ալ Տամ յայտնած է. «ՆԱԹՕ-ի կողմէ հրթիռներու բռնութեամբ պարտադրուած խմբաւորումները, իսկ հրթիռները երբեք օրինական ուժ չեն կրնար կազմել»: