Արեւմտեան լրարուամիջոցները կը շարունակեն անդրադառնալ Սէուտեան Արաբիոյ մէջ տեղի ունտցած աննախընթաց դէպքի մանրամասներուն, որուն արդիւնքով 11 էմիր, 4 նախարարներ եւ տասնեակ նախկին նախարարներ կալանաւորուեցան:
Ֆրանսական «Le Monde» թերթը, վկայակոչելով«Ռայս» համալսարանի «Պէյքր» դիւանագիտական ուսումնական հիմնարկի անդամ Քրիստիան Օլրիքսընի մեկնաբանութիւնը, նշածէ, որ Սէուտեան Արաբիոյ արդի պատմութեան մէջ նման խոշոր ծաւալի եւ մակարդակի ձերբակալութիւններ երբեք տեղի չեն ունեցած, եւ եթէ Ուալիտ Պըն Թալալի ձերբակալման լուրը հաստատուի, այն կրնայ բախումներու մեծ ալիք բարձրացնել երկրին մէջ, ինչպէս նաեւ միջազգային դրամական շուկային մէջ:
Ըստ ֆրանսական թերթին, նման քայլը նպատակ ունի ամրապնդել Մուհամմատ Պըն Սալմանի իշխանութիւնը, որ անցնող հոկտեմբերի վերջերը խոստացած էր վերափոխել Սէուտեան Արաբիոյ պատկերը միջազգային հանրութեան մօտ, որ այդ երկիրը ուահապիստներու եւ ահաբեկիչներու պատրաստման գլխաւոր կեդրոն կը համարէ:
Ֆրանսական լրատուամիջոցներու համաձայն, Պըն Սալման շարք մը բարեփոխումներու շարքին, որոնց թուին է կիներու ինքնաշարժ վարելն արտօնելը, նաեւ ձեռնարկած է մեծ թիւով մտաւորականներու եւ կրօնաւորներու ձերբակալման:
Ըստ վերլուծաբաններու, նշուած կալանաւորներէն շատեր քննադատած են գահաժառանգի արտաքին քաղաքականութեան դաժանութիւնը, որուն դրսեւորումներէն է Քաթարի շրջափակումը, ինչպէս նաեւ քննադատած են անոր իրագործած տնտեսական բարեփոխումները, ինչպիսիք են պետական ընկերութիւններու սեփականաշրնոհումն ու պետական օժանդակութիւնները:
«Le Monde»ի համոզմամբ, ըին Սալման կը ձգտի չէզոքացնել երկրին ներսը տիրող անհամերաշխութիւնը, նախքան 81-ամեայ հօր մահն ու գահի փոխանցումն իրեն: