Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի գլխաւոր խորհրդականներէն Պուսայնա Շահպան յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով նշեց, որ Սուրիա- Յորդանան յարաբերութիւնները լաւ հունի մը վրայ են: Շահպան, որ ընդունեց օրերս Դամասկոս այցելող յորդանանեան բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը նոյնպէս նշեց, որ «Դամասկոս մշտական կապի մէջ է Ամմանի հետ»:
Յիշեցնենք, որ մասնաւորապէս վերջին ամիսներուն դրական երեւելի տեղաշարժ կը նկատուի մէկ կողմէ Դամասկոսի եւ միւս կողմէ Ամմանի եւ Գահիրէի միջեւ: Չի բացառուիր նաեւ, որ յառաջիկայ օրերուն Գահիրէն ներկայացնող բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը Դամասկոս այցելէ: