Լիբանան- («Ալ Նահար»- Պէյրութ) Լիբանանի ներքին գործոց նախարարութեան ապահովութեան մարմիններ այսօր ձերբակալած են երկու յանցագործներ, որոնք գողութիւն կատարած են հայահոծ Պուրճ Համուտի մէջ: Այս մասին լուրը գրած է «Ալ Նահար»ը, որ նաեւ կը հաղոդրէ, թէ յանցագործները լիբանանցի են եւ հարցաքննութեան ատեն խոստովանած են, որ գողութիւն կատարած են մասնաւորապէս Պուրճ Համուտի մէջ եղող ոսկերչական խանութներէ: Անոնք գողութեան արարքներ կատարած են նաեւ Ժունիյէի եւ Պէյրութի հարաւային արուարձան ՝ Տահիէյի մէջ: Պետական մարմինները նոյնպէս հանդէս եկած են յայտարարութեամբ մը, ուր կ'ըսուի, թէ յանցագործներէն առգրաւեալ գողոնը յառաջիկայ օրերուն պիտի յանձնուի իրենց տէրերուն: