image

Բրիտանացի լրագրող Քէվըն Ֆորտը սպաննողները ձերբակալուեցան

Բրիտանացի լրագրող Քէվըն Ֆորտը սպաննողները ձերբակալուեցան

Երէկ Լիբանանի հանրութիւնը ցնցած սպանութեան դէպքին վերաբերեալ զգայացուց նորութիւններ արձանագրուած են: Այս մասին տեղեկութիւնը կը հաղորդէ լիբանանեան VDL կայանը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Լիբանանի ապահովութեան մարմիններ նախնական տուեալներով, Քէվըն Ֆորտը սպաննելու մեղադրանքով, յաջողած են ձերբակալել երկու անձեր, որոնք գողութեան նպատակով փորձած են մտնել Մորկընի տունը եւ ապա սպաննած են զինք:

Ըստ վերջին տուեալներուն, անոնցմէ մէկը ձերբակալուած է «Սընն Ալ-ֆիլ» շրջանին մէջ:

Նոյն առումով, եւ ըստ «Lebanon 24» կայքին, սպանութիւնը կատարելու մէջ մեղադրուող երկու անձնաւորութիւնները Սուրիոյ քաղաքացիներ են:

Յիշեցնենք, որ Քէվըն Ֆորտ սպաննուած էր Պէյթ մէրի շրջանին մէջ գտնուող իր բնակարանին մէջ եւ ան կը համարուի Լիբանանի ռատիոկայաններու ոլորտի ամենայայտնի լրագրողներէն մին եւ անոր հաղորդումները ամենօրեայ դրութեամբ կը սփռուէին լիբանանեան RadioOne անգլեախօս կայանէն: