Օրեր առաջ Պորքինա Ֆասոյի մէջ տեղի ունեցաղծ ահաբեկչութեան հետեւանքով զոհուածներուն մէջ կան լիբանանցիներ: Այս մասին լուրը փոխանցեց լիբանանեան «Ալ Ժատիտ» կայանը նշելով, որ լիբանանցի զոհերն են Մոհսէն Մոհամմատ Ֆընէյշն ու իր կինը, ինչպէս նաեգ Ահմատ Ալ Պըլլին: Մինչ առաջին երիտասրդը հարաւի Մահրուպ գաւառէն է անդին երկրորդը կու գայ Թրիփոլիէն:
Նշենք, որ Պուրքինա Ֆասոն հարուածած ահաբեկչութիւնը եղած է մյրաքաղաք Ուակա Տուկոյի մէջ գտնուող «իսթանպուլ» ճաշարանին մէջ, ուր զինեալթ ահաբեկիչներ կրակ բանալով սպաննած էին 17 անձեր:
Այս առաջին անգամը չէ, որ լիբանանցիներ զոհ կ'երթան ահաբեկչութեան: Նման դէպք պատահած էր Պոլսոյ մէջ, երբ 4 լիբանանցիներ զոհուեցան Պէշիկթաշ շրջանին մէջ եղող «Ռէյնա» սրճարանին դէմ եղած ահաբեկչութեան ընթացքին:
Լիբանանի նախագահ զօր. Միշէլ Աուն զոհերու ընտանիքներուն ցաւակցագիր յղելէն բացի յայտարարած էր, որ պետութիւնը ամէն կերպ պատրաստ է օժանդակութիւն ցուցաբերել զոհուածներու ընտանիքներուն: