image

Պոլսոյ Մէջ Գործուած Ոճիրին Ետին Կանգնողները Հայաստանցիներ Ե՞ն

Պոլսոյ Մէջ Գործուած  Ոճիրին Ետին Կանգնողները Հայաստանցիներ Ե՞ն

Պոլսոյ  Շիշլի թաղամասին մէջ  գտնուող Տէմիրճի ամոլին տունը թալանողները    հայաստանցիներ են: Այս մասին  կը  գրէ   թրքական  «Սէօզճիւ»     կայքը: Աղբիւրը,  որուն   տուած տեղեկութիւնները   ցարդ չեն հաստատուած,  նաեւ կը գրէ, թէ    ոստիկանութիւնը  Տրապիզոնի  մէջ  ձերբակալած է  8  անձեր, որոնք բոլորն ալ կեղծուած   անցագրերով մտադիր էին Վրաստան  ու ապա  Հայաստան անցնիլ: Աղբիւրին համաձայն Տէմիրճիներուն տունը  թալանողները եղած են  երեք անձեր, որոնք,    գողութիւնը ընելէ ետք     չարչարանքի   ենթարկած են Յակոբ Տէմիրճին ու զայն կապելէ ետք  հեռացած:  Պոլսահայ ոսկերիչը   չէ դիմացած ու մահացած է, իսկ անոր  կինը ՝ Սեդա Տէմիրճին   ծանր հարուածներ ստանալէ ետք նուաղած է:   Ըստ թրքական  աղբիւրին, շրջանին մէջ եղած  տեսախցիկները       վճռորոշ  դեր ունեցած են գողերուն    առած ուղղութիւնը հաստատելու համար ու   աւելի ուշ յստակ դարձած է, որ   յանցագործները Պոլսոյ մէջ իրենց  օգնութիւն ցուցաբերողներ ունին:   «Արեւելք» սոյն լուրը  կը փոխանցէ վերապահութեամբ,   նախ որովհետեւ   լուրին  աղբիւրը     Թուրքիոյ քէմալական շրջանակներուն մօտ եղող      լրատուական ծառայութիւն է ու ապա անոր համար, որ     Պոլսոյ  պատկան մարմինները  մինչեւ այս պահը   այս ձերբակալութիւններուն գծով պաշտօնական  յայտարարութիւն մը չեն ըրած:  Յամենայնդէպս յառաջիկայ  օրերը    յաւելեալ   տեղեկութիւններ  երեւան պիտի բերեն եւ լիայոյս ենք, որ այս զազրելի ոճիրը   գործողները կը   կանգնին դատարանին  առաջ: