Պոլսոյ Շիշլի թաղամասին մէջ գտնուող Տէմիրճի ամոլին տունը թալանողները հայաստանցիներ են: Այս մասին կը գրէ թրքական «Սէօզճիւ» կայքը: Աղբիւրը, որուն տուած տեղեկութիւնները ցարդ չեն հաստատուած, նաեւ կը գրէ, թէ ոստիկանութիւնը Տրապիզոնի մէջ ձերբակալած է 8 անձեր, որոնք բոլորն ալ կեղծուած անցագրերով մտադիր էին Վրաստան ու ապա Հայաստան անցնիլ: Աղբիւրին համաձայն Տէմիրճիներուն տունը թալանողները եղած են երեք անձեր, որոնք, գողութիւնը ընելէ ետք չարչարանքի ենթարկած են Յակոբ Տէմիրճին ու զայն կապելէ ետք հեռացած: Պոլսահայ ոսկերիչը չէ դիմացած ու մահացած է, իսկ անոր կինը ՝ Սեդա Տէմիրճին ծանր հարուածներ ստանալէ ետք նուաղած է: Ըստ թրքական աղբիւրին, շրջանին մէջ եղած տեսախցիկները վճռորոշ դեր ունեցած են գողերուն առած ուղղութիւնը հաստատելու համար ու աւելի ուշ յստակ դարձած է, որ յանցագործները Պոլսոյ մէջ իրենց օգնութիւն ցուցաբերողներ ունին: «Արեւելք» սոյն լուրը կը փոխանցէ վերապահութեամբ, նախ որովհետեւ լուրին աղբիւրը Թուրքիոյ քէմալական շրջանակներուն մօտ եղող լրատուական ծառայութիւն է ու ապա անոր համար, որ Պոլսոյ պատկան մարմինները մինչեւ այս պահը այս ձերբակալութիւններուն գծով պաշտօնական յայտարարութիւն մը չեն ըրած: Յամենայնդէպս յառաջիկայ օրերը յաւելեալ տեղեկութիւններ երեւան պիտի բերեն եւ լիայոյս ենք, որ այս զազրելի ոճիրը գործողները կը կանգնին դատարանին առաջ: