«Արեւելք»ի զրուցակիցն է Պոսլոյ Ազգային Կեդրոնական վարժարանի շրջանաւարտ, ԵՊՀ ուսանող Սարին Ագպաշը:
-Անցնող օրերուն Պոլսոյ մէջ քննարկման թեմայ դարձած էր տեղի հայկական վարժարաններու խնդիրը: Ինչի՞ մասին է խօսքը, կրնա՞ք մանրամասնութիւններ տալ:
Խնդիրը Պոլսահայ վարժարաններու նիւթական հարցերու մասին է, Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուն ձեռնարկի մը ընթացքին իր կարծիքը յայտնեց այս նիւթին մասին եւ ըսաւ, որ նիւթական պատճառներու համար աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ, որ «Կեդրոնական» եւ «Էսայեան» վարժարանները միացուին: Ան նաեւ ըսաւ, որ եթէ վարժարանները ներկայ վիճակով մնան, հիւանդանոցը «ի զուր տեղ» դրամով պիտի չօժանդակէ վարժարաններուն: Այս յայտարարութիւնը առարկութիւններու պատճառ դարձաւ, յատկապէս «Կեդրոնական վարժարան»ի շրջանաւարտներու մօտ:
-Ձեր նշած թեմային կապակցութեամբ Կեդրոնականցի սաներ եւ շրջանաւարտներ կոչ մը հրապարակեցին: Կը կարծէ՞ք, որ անոնք խնդրին առումով քայլերու պիտի դիմեն:
Այո՛, կը կարծեմ որ գործնական քայլեր պիտի կատարուին, յատկապէս «Կեդրոնական վարժարան»ի շրջանաւարտներու եւ աշակերտութեան կողմէ: Այսօր, երկուշաբթի 21 մայիսին «Կեդրոնականցիներ կը հաւաքուին» խորագրով ժողով մը գումարուեցաւ, որ կը կարծեմ պիտի նպաստէ շրջանաւարտներու հաղորդակցման վերամրացման, կը կարծեմ որ այդ ալ լաւ լուծում մը պիտի ըլլայ վարժարանի մանաւանդ նիւթական հարցերու շուրջ:
Վարժարաններու հարցը որեւէ կապ ունի՞ Պատրիարքութեան խնդրին հետ, եթէ այո ապա ի՞նչ առումով:
Ըստ իս ուղղակի կապ մը չունի Պատրիարքարանը, սակայն քանի որ Պատրիարքարանը համայնքի վերին կառոյցն է, այսպիսի խնդիրներու լուծման առաջնորդ պէտք է հանդիսանայ: