Դրական: Այսպէս կարելի է համարել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի յարկին տակ անցնող երկու օրերուն ընթացած ժողովներուն արդիւնքը:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.ն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հոգատար միջնորդութեամբ հինգշաբթի օր սկիզբ առած նիստերուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին Պոլսոյ Աթոռի աւագագոյն երեք միաբաններ ՝ Տ. Գարեգին, Տ. Արամ եւ Տ. Սահակ Սրբազաններ, իսկ երէկ յետմիջօրէին ընթացք առած Մայր Աթոռի հոգեւոր խորհուրդի անդամներուն հետ տեղի ունեցած վճռորոշ նիստին, որպէս պատրիարքական թեկնածու կը մասնակցէր Գուգարաց Թեմի Առաջնորդ Տ. Սեպուհ արք. Չուլճեան:
Մայր Աթոռի սոյն նախաձեռնութիւնը կը կայանար Պոլսոյ մէջ իրավիճակի կտրուկ սրացման հետ: Յիշեցնեմ, որ շաբաթ մը առաջ Պոլսոյ Պատրիարքութեան կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ եպս. Մաշալեան բաւական «ծանր» բաց նամակով մը կը յայտարարէր, ոչ միայն իր պաշտօնէն հրաժարման տալու մասին, այլ սրբազան հայրը կ'ըսէր, որ ընդմիշտ պիտի հեռանար իր ծննդավայր քաղաք Պոլիսէն:
Այդպէս՝ իրավիճակը աւելի կը լարուէր, ու համայնքի յատկապէս ոչ կրօնական շրջանակներու պնդումներուն արդիւնքով այս անգամ պատրիարքարանէն ներս կը գումարուէր կարեւոր համարուած ժողով մը ու այդ ժողովի աւարտին հանրութեան կը ներկայացուէր առաջարկ մը, որ որպէս «վաւերաթուղթ» պիտի ծառայէր նոր Պատրիարքի ընտրութեան համար ճանապարհ բանալու:
Օր մը անց Էջմիածնէն պոլսահայ աւագագոյն Սրբազանները Մայր Աթոռ հրաւիրելու քայլը ամբողջութեամբ «կը սառեցնէր» այդ «վաւերաթուղթը», որուն մէջ կային մեր եկեղեցւոյ կանոնադրութեան ոչ յարիր կէտեր:
Նախաձեռնութիւնը այս անգամ կը պատկանէր Մայր Աթոռին, ու 9 տարիներէ ի վեր Պատրիարքական փոխանորդով ղեկավարուող Աթոռի հարցը կը բարձրացուէր տարբեր հարթակի:
Հայաշխարհի լրահոսին համար վերջին մէկ ու կէս տարուան հիմնական օրակարգ դարձած Տ. Արամ Սրբազան Աթէշեանի «խնդիրը» վերածուած էր համայնքը երկուքի կիսող եւ բաւականին խրթին տագնապի մը, որուն լուծման ուշացումը կրնար շատ աւելի բարդ իրավիճակներու պատճառ դառնալ:
Պատահած էր «անսպասելի»ն ու Արամ արք. Աթէշեանի «գլխաւոր նեցուկ» եղող Տ. Սահակ Սրբազանը այս անգամ «ներսէն» կը պայթեցնէր «ռումբը» շփոթի մեծ ուղեծիր մը ստեղծելով, ոչ միայն կրօնական այլ նոյնպէս աշխարհական շրջանակներուն մօտ:
Անցնող օրերուն Տ. Սահակ Սրբազանին հետ իմ ունեցած բազում զրոյցներուս ընթացքին սրբազան հայրը շեշտը կը դնէր «համբերութեան բաժակ»ի յորդելու եւ այդ վիճակէն ետք յառաջացած բաւական բարդ դրութեան մասին:
Նոյն «համբերութեան բաժակ»ի խնդիրը երեւելի դարձած էր այն օրերուն, երբ Արամ Աթէշեան (որուն հասցէին շատ ծանր վերագրումներ ալ եղան) անտեսելով ամբողջ հայութեան զգացումները Անգարային «քծնելու» միտող քայլով մը Գերմանիոյ Պունտեսթակի որոշումը « դատապարտող» գիր մը կ'ուղարկէր Թուրքիոյ նախագահ Ռ. Թ. Էրտողանին:
Եւ այդ նամակի օրն էր նաեւ, որ առհասարակ հայութեան համար Արամ Աթէշեան կը դառնար «մերժուած» կրօնաւոր մը: Այդ «մերժում»ը սկիզբ կ'առնէր սփիւռքի ամէնէն հեռաւոր անկիւններուն մէջ ու կը հասնէր մինչեւ իր նստավայրը ՝ Գում Գաբու:
Այս բոլորը նշեցի յիշեցնելու համար, որ Պոլսոյ Աթոռին շուրջ ծաւալած քննարկումները, լարումը եւ խնդրին «պայթիւնավտանգ» տագնապ մը դառնալու վիճակը պայմանաւորուած չէին միայն ներքին ազդակներով, այլ կային շատ կարեւոր արտաքին գործօններ:
Ահա այս վիճակին մէջ էր նաեւ, որ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը բաւական վճռորոշ քայլով մը կը նախաձեռնէր ՝
Ա. Կողմերը իրար մօտ բերել
Բ. «Մարել» Պոլսոյ մէջ սկիզբ առած «հրդեհ»ը
Գ. Բոլոր կողմերու համաձայնութեամբ հրապարկել Պոլսոյ նոր Պատրիարքի ընտրութեան «ճանապարհային քարտէզ»
Եւ ինչ որ կը հրապարակուէր, կը բխէր այս ընդհանուր ոգիէն:
Մայր Աթոռը մնալու բոլորին տէր եղող իր պատմական դերին մէջ, բնականաբար պիտի չուզէր, որ այս ծանր պահուն ոչ մէկ կողմ ինքզինք «պարտուած» զգայ ու ատոր համար էր նաեւ, որ անցնող օրերուն տարբեր շրջանակներուն կողմէ լսելի դարձած Արամ Աթէշեան Սրբազանի իր պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի պաշտօնէն հրաժարելու պահանջը «կ'անհետանար»:
Պոլսոյ Պատրիարքութեան ընտրութեան «ճանապարհին» յառաջիկայ առաջին «փուլը» տեղապահի մը ընտրութիւնն է, որ պիտի կայացուի մարտին: Նոյն օրերուն ալ պիտի կազմուի յատուկ մարմին մը (նախաձեռնարկ մարմին), որ պիտի զբաղի ընտրութիւնները կազմակերպելու թէքնիք հարցերով:
Այս բոլորէն անդին այսօր ապահով պէտք է ըլլալ, որ թրքահայութիւնը մտած է նոր հանգրուան մը, որ պիտի պսակուի Պոլսոյ Պատրիարքի ընտրութեամբ:
Թիւով 85-րդ Պատրիարքը կոչուած է ըլլալ մեր եկեղեցին ամրապնդող ու նոր հորիզոններ բացող «ղեկավար» մը: Պատրիարք, որ պէտք է ըլլայ բոլորին կողմէ ընդունուած միաբան:
Պատրիարք, որուն ձեռնհաս քայլերով պիտի շարունակուի ապրիլ ու հզօրանալ 500 տարուան կեանք ունեցող եւ հայութեան համար ամենանուրբ խարիսխ հանդիսացող Պոլսոյ պատմական Աթոռը:
Սագօ Արեան
Մայր Աթոռ, Էջմիածին
«Արարատ»/Պէյրութ